Պաաս Կուսակցութեան Հալէպ մասնաճիւղի քարտուղար Ահմէտ Մանսուր ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք Մինասեանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։

Մանսուր շեշտեց, որ Սուրիան պիտի շրջանցէ բոլոր դժուար պայմանները եւ պիտի շարունակէ դէմ դնել իր թշնամիներուն, շնորհիւ Սուրիոյ ժողովուրդին գործակցութեան եւ սուրիական բանակին զոհողութիւններուն, ղեկավարութեամբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին։ Մանսուր յայտնեց, որ Հալէպի ժողովուրդը յաջողեցաւ վերականգնիլ հակառակ պատերազմի դժուար պայմաններուն, աւելցնելով, որ Սուրիան պիտի յաղթէ տնտեսական պատերազմին այնպէս ինչպէս յաղթեց զինուորական պատերազմին։

Իր կարգին Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար շեշտեց, որ Սուրիան պիտի թօթափէ տագնապի եւ պատերազմի փոշին եւ տարածաշրջանին մէջ աւելի ուժեղ դիրքով պիտի վերականգնի՝ շնորհիւ իր զաւակներուն հայրենասիրութեան եւ գործակցութեան։

Ան բարեբեր օրեր մաղթեց Սուրիական Հայենիքին, որ Ամենապատիւ Տիրոջ եւս ծննդավայրն է եւ Սուրիոյ հանդէպ ջերմութեամբ լեցուցած է իր ողջ էութիւնը։