Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ընթացքին, Սուրիոյ դեսպան Նորա Արիսեան կը յիշեցնէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ կարմիր գիծերու, ինչպէս նաև երկրաշարժին հետևանքները յաղթահարելու մասին։ Հայաստան այն քիչ երկիրներէն է, որ անդադար կ՚աջակցի Սուրիոյ, կը շեշտէ ան։

Բազմաթիւ երկիրներ, ընկրկելով Արևմուտքի ճնշումներուն ընդառաջ, մարդասիրական օգնութիւն չեն առաջարկած Սուրիոյ՝ նոյնիսկ աւերիչ երկրաշարժէն ետք, մինչդեռ Հայաստան այն քիչ երկիրներէն է, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ օգնել, Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Հայաատանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան դեսպան Նորա Արիսեան։

Վերականգնումը` երկրաշարժէն ետք

Երկրաշարժի հետևանքները յաղթահարելու համար Սուրիոյ կառավարութիւնը ստեղծած է յատուկ Ազգային հիմնադրամ, իսկ տուժածներուն համար ստեղծած է քաղաքացիներու սպասարկման կեդրոններ։

«Պետական հիմնադրամի առաջնահերթութիւնը քանդուած բնակարաններու սեփականատէրերուն աջակցութիւն ցուցաբերելն է։ Ըսեմ, որ արդէն իսկ ուսումնասիրուած են վնասները, պատրաստուած են տուժածներու ցանկերը», դիտել կու տայ դեսպանը։

Անկախ այդ բոլորէն, Տեղական Ինքնակառավարման Նախարարութիւնը և նահանգապետարանները կը հետևին մարդոց ընթացիկ կարիքներուն և անոնց քանի մը փուլերով օգնութիւն կը տրամադրեն:

Նոյնաբովանդակ աշխատանք կը կատարէ հայ համայնքը` եկեղեցին (Հայոց ազգային առաջնորդարանները) և համայնքային կառոյցները, որոնք ևս կ՚աշխատին աջակցիլ տուժածներուն, մանաւանդ վնասուած բնակարանները վերականգնելու հարցով:

Քիչերէն մէկը

Եթէ Թուրքիոյ օգնութիւն ցուցաբերած են քանի մը տասնեակ երկիրներ, Սուրիոյ` շատ քիչերը, այդ կարգին` պատրաստ (հաւաքական) տուներ տրամադրելու առումով:

«Դժբախտաբար, ակնկալուածէն շատ աւելի նուազ մարդասիրական առաքելութիւններ կը գործեն Սուրիոյ մէջ, ու պատճառները յստակ են՝ Արևմուտքէն, մասնաւորապէս` ԱՄՆ–ի կողմէ հարկադրանքն է ու պարտադրուած պատժամիջոցները։

Կը փափաքիմ առիթը օգտագործել կրկին շնորհակալութիւն յայտնելու Հայաստանի կառավարութեան և ժողովուրդին ցուցաբերած աջակցութեան համար», ըսաւ դեսպանը։

Ան յիշեցուց, որ Հայաստան 2019-էն իսկ Սուրիոյ մէջ կ՚իրականացնէ մարդասիրական առաքելութիւն, որ մինչեւ օրս մարդասիրական ականազերծման և բժշկական ծառայութիւններ կը մատուցէ Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մէջ, ինչ որ մեծապէս կը գնահատուի երկրի կառավարութեան և ժողովուրդին կողմէ:

Ահաբեկչութիւնը Թուրքիոյ «արտադրանքն» է

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Սուրիոյ մօտեցումները չեն փոխուած և հնչած են արդէն Աստանայի ձևաչափով հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցած են Սուրիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի և Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարները, կը յիշեցնէ դեսպանը։ Որեւէ արդիւնք, կ՚աւելցնէ ան, պէտք է հիմնուած ըլլայ Թուրքիոյ կողմէ իր ուժերը Սուրիոյ տարածքէն դուրս բերելու հաստատման վրայ՝ յստակ ժամանակացոյցով և դուրսբերման գործնական քայլերով։ Ասիկա հիմք պիտի հանդիսանայ տեղահանուածներու վերադարձին, ահաբեկչութեան բոլոր ձևերուն դէն պայքարին և երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն առնչուող այլ հարցերու քննարկման համար:

Թուրքիոյ յայտարարութիւնները Սուրիոյ ինքնիշխանութեան և տարածքային ամբողջականութեան մասին գործերը աւելի բարդացուցած են, և քանի դեռ Թուրքիա կը բռնագրաւէ սուրիական հողերը, մենք չենք կրնար դէպի խաղաղութիւն քայլ առնել, ընդգծեց Սուրիոյ դեսպանը:

Սուրիոյ տարածքին թրքական ուժերու անօրինական ներկայութիւնը կը խոչընդոտէ կայունացումը՝ ահաբեկիչներու շարունակական աջակցութեան և պաշտպանութեան պատճառով, աւելցուց Սուրիոյ դեսպանը։ Իր վերջին ելոյթներէն մէկուն ընթացքին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւնը «թրքական արտադրութիւն է», յիշեցուց Արիսեան։

Ան դիտել տուաւ, որ թրքական բռնազաւթիչ վարչակարգը ճնշումներու այլ միջոցներ եւս կը գործադրէ սուրիացի խաղաղ բնակիչներու դէմ։ Մանսաւորապէս` Հասիչէ քաղաքին մէջ (Սուրիոյ հարաւարևելքը, Թուրքիոյ սահմանէն ոչ հեռու – խմբ. ) թրքամէտ ուժեր կը խափանեն ջրամատակարարումը (Խապուր և Ջաղ–Ջաղ գետերով, որոնք կը հոսին Թուրքիոյ հարաւարևելքէն)` այսպիսով ջուրը որպէս զէնք օգտագործելով:

Սուրիոյ վերադարձը Արաբական Լիկա

Մայիս 2023–ին, 10-ամեայ դադարէ ետք, Սուրիա վերադարձաւ Արաբական Պետութիւնների Լիկա։ Սուրիան Լիկայի հիմնադիր անդամ է և կը վերահաստատէ արաբական աշխարհի համագործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, ըսաւ դեսպանը։ Վերջերս տեղի ունեցած Արաբական գագաթնաժողովը վերականգնեց այդ համագործակցութեան թափը, իսկ Սուրիոյ հարցով Արաբական կապերու կոմիտէի մասնակիցները, որոնք վերջերս հանդիպած Գահիրէ (Եգիպտոսի, Իրաքի, Սէուտական Արաբիոյ, Լիբանանի և Յորդանանի ԱԳ նախարարները, որոնք հանդիպած են իրենց սուրիացի գործընկերոջ հետ), ընդգծած են Սուրիոյ մէջ ճգնաժամի աստիճանաբար կարգաւորման համար գործնական և արդիւնաւէտ քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը: Ողջունելի է նաև Հայաստանի գործընկերութիւնը Արաբական Լիկայի հետ, ըսաւ Արիսեան։

Ակնյայտ է, բայց կ՚արժէ կրկնել

Ինչ կը վերաբերի երկկողմ յարաբերութիւններուն, Հայաստան միշտ եղած է Սուրիոյ լաւագոյն բարեկամներէն մէկը, կ՚ընդգծէ դեսպանը։ Նոյնիսկ պատերազմին և երկու երկիրներու դիմագրաւած տարբեր ճգնաժամերուն ընթացքին, Սուրիա և Հայաստան իրար աջակցած են, ըլլայ երկկողմանի բազմաշերտ համագործակցութեամբ, թէ միջազգային հարթականերու վրայ: