ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

Անցեալ շաբթուան ընթացքին Սուրիոյ Մարզական Գերագոյն Կոմիտէն նշանակեց Հալէպի Ահլի, Ճալաա եւ Հուրիէ ակումբներու վարչութիւնները: Ահլի ակումբի նախագահութիւնը վստահուեցաւ Ռուսէյն Մարթինիին, Ճալաաի վարչութեան ատենապետ դարձաւ Պաշշար Ազարը, իսկ Հուրիէի ատենապետ՝ Անթուան Շարքին:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ՃՇԴՈՒԵՑԱՆ ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿԻ ԽՄԲԱՅԻՆ ՓՈՒԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ

Հինգշաբթի օր Մոնաքոյի մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի եւրոպական Չեմփիընզ Լիկի խմբային փուլի մրցաշարքի վիճակաձգումը։ Մասնակցութեան իրաւունք ունեցող 32 խումբերը բաժնուեցան ութ խմբակներու: Վիճակաձգումին արդիւնքը հետեւեալը եղաւ.
Ա խմբակ. Պրիսիա Տորթմոնտ, Մանչեսթըր Իւնայթըտ, Քոփենհակէն, Կալաթասարայ,
Բ խմբակ. Սեւիլիա, Արսենալ, Էնտհովէն, Լանս,
Գ խմբակ. Նափոլի, Ռէալ Մատրիտ, Փրակ, Ունիըն Պերլին,
Դ խմբակ. Պենֆիկա, Ինթէր, Զալցպուրկ, Ռէալ Սոսիտատ,
Ե խմբակ. Ֆէյէնորդ, Աթլեթիքօ Մատրիտ, Լացիօ, Սելթիկ,
Զ խմբակ. Փարիզ Սան Ժերման, Պորուսիա Տորթմոնտ, Միլան, Նիւքասլ Իւնայթըտ,
Է խմբակ. Մանչեսթըր Սիթի, Լայպցիկ, Ցրվենա Զվեզդա, Եանկ Պոյզ,
Ը խմբակ. Պարսելոնա, Պորտօ, Շախտար Տոնեցկ, Անտվերպէն:
Առաջին փուլի մրցումները տեղի պիտի  ունենան 19 եւ 20 Սեպտեմբերին:

ՀԱԼԱՆՏ ՏԱՐՈՒԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԽԱՂԱՑՈՂ ՃԱՆՉՑՈՒԵՑԱՒ

Անգլիոյ ախոյեան, գաւաթակիր, Չեմփիընզ Լիկի գաւաթակիր, Եւրոպայի սուփըր գաւաթակիր Մանչեսթըր Սիթիի նորուէյճցի յարձակող Էրլինկ Հալատ 2022-2023 տարեշրջանի մրցաշրջանի արդիւնքին համաձայն ճանչցուեցաւ  ՈՒԷՖԱ-ի լաւագոյն ֆութպոլիստը: Մրցանակին Հալանտ մրցակից ունեցաւ նաեւ Մանչեսթըր Սիթիի պելճիքացի կիսապաշտպան Քէվին տէ  Պէրուինը եւ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սան Ժերմանի ամերիկեան Ինթէր Միամի տեղափոխուած աշխարհի ախոյեան, Արժանթինի հաւաքականի յարձակող Լիոնէլ Մեսսին:

ԿՈՒԱՐՏԻՈԼԱ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻՉԻ ԿՈՉՈՒՄԻՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ

Անգլիոյ ախոյեան, գաւաթակիր, Չեմփիընզ Լիկի գաւաթակիր, Եւրոպայի սուփըր գաւաթակիր Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ Խոսէփ Կուարտիոլա 2022-2023 տարեշրջանի մրցաշրջանին արձանագրած նուաճումներուն շնորհիւ  ճանչցուեցաւ տարուան լաւագոյն մարզիչը: Մրցանակին մաս կազմեցին  նաեւ Իտալիոյ ախոյեան, Նափոլիի իտալացի գլխաւոր մարզիչ Լուչիանօ Սպալէտին ու Իտալիոյ գաւաթակիր եւ սուփըր գաւաթակիր Միլանի Ինթէրի իտալացի գլխաւոր մարզիչ Սիմոնէ Ինզակին:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան