ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ խօսնակ Նազելի Պաղտասարեանի համաձայն, Փաշինեանի եւ‘ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի միջեւ հեռաձայնային զրոյց տեղի ունեցած է։
Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ‘ տարածաշրջանային հարցերու:
«Զրոյցի ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարերը ընդգծած են, որ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ձեռքբերումը կը նպաստէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու զարգացման ու բարգաւաճման:
Կողմերը յայտնած են, որ պիտի շարունակեն դիւանագիտական ջանքերը այս ուղղութեամբ», տեղեկացուցած է վարչապետի խօսնակը։