«Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի հիմա՛, հէ՛նց հիմա, ո՛չ թէ յետոյ, այս հարցը պէտք չէ ձգձգուի», ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ ընթացող լսումներուն ատեն այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի եւրոպական և եւրասիական հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Իւրի Քիմ՝ անդրադառնալով Արցախի մէջ տիրող մարդասիրական ծանր իրավիճակին։

«Երկրորդ՝ մենք չենք հանդուրժեր որևէ յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին վրայ, ասիկա շատ յստակ է։ Պատերազմը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ չէ աւարտած, ինչ որ հրատապութիւն կը թելադրէ տեւական ու արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման մեր ջանքերուն։ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէք Սալիւա ամիսներ առաջ հիւրընկալած էր երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Ուաշինկթընի մէջ, պետական քարտուղար Պլինքըն վերջին շաբաթներուն հեռաձայնային քանի մը զրոյց ունեցած էր Հայաստանի և Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ, ես հեռաձայնային զրոյցներ ունեցայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, որպէսզի տեղ հասնին այս ուղերձները։ Կը կարծեմ, որ կը սկսինք որոշակի տեղաշարժ նկատել, բայց մենք չենք պատրաստուիր դադրեցնել մեր ջանքերը», յայտարարած է Քիմ՝ շեշտելով, որ Ուաշինկթըն չի դադրեցներ ջանքերը, մինչեւ որ գետնի վրայ գործնական արդիւնք չտեսնէ։

Ամերիկացի դիւանագէտը անդրադարձած է օրեր առաջ Աղտամի ճանապարհով ռուսական մարդասիրական բեռի մուտքին Արցախ և յայտնած, որ կարելի եղած է միջազգային գործընկերներու հետ աշխատանքին հետեւանքով իրականացնել առաջին բեռնատարին մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ։

«Շեշտեմ, որ այո՝ ատիկա ռուսական բեռնատար էր, բայց երբ հիմա այս ուղղութեամբ երթեւեկութիւն կայ, Լաչինի միջանցքով երթևեկութիւնը, ըստ առկայ համաձայնութեան, պէտք է վերականգնի։ Կը կարծեմ, որ մենք բոլորս կ՚ողջունենք, որ մէկ բեռնատար անցած է Աղտամով, բայց կը կարծեմ՝ բոլորս կը համաձայնինք, որ ատիկա բաւարար չէ․ Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի։ Այլ ճանապարհներ կրնան օգտագործուիլ, բայց Լաչինի միջանցքը պէ՛տք է բացուի։ Ասիկա սակարկման ենթակայ չէ», շեշտած է Քիմ։