Արցախի բնակչութիւնը ինը ամիս սովի ենթարկելով, ապա անոր վրայ լայնածաւալ յարձակում գործելով Ատրպէյճան բռնի ուժով պարտադրեց Արցախի ժողովուրդը ենթարկուելու իրեն ու ոտնահարեց անոր ինքնորոշման իրաւունքը:
Այդ իրաւունքը արհամարհեց նաեւ Հայաստանի վարչապետը, երբ անտեսելով Արցախի ժողովուրդին երեսուն տարուան տքնանքն ու անկախ պետականութիւն կերտելու բազում զոհողութիւնները, Արցախը ճանչցաւ որպէս Ատրպէյճանի մաս:
Մինչդեռ ժողովուրդ մը, համաձայն միջազգային օրէնքին, մարդկային իրաւունքներուն, ի՛նք կ’որոշէ, թէ ինչպէ՛ս կը տեսնէ իր ապագան, ի՛նք կը կերտէ զայն եւ ոչ մէկ ուժ իրաւունք ունի պարտադրելու ազատատենչ ու պետականութեան 30 տարուան ճամբայ կերտած ժողովուրդին ապրիլ այլ ուժի լուծին տակ:
Արցախի հարցը Ատրպէյճանի յարձակումով պիտի փակուի՞, կրնա՞յ փակուիլ, երբ արցախցիներուն արիւնով ներկուած են Ստեփանակերտի, Շուշիի, Մարտունիի, Մարտակերտի եւ ողջ արցախեան տարածքներու հողերը:
Ուժի կիրառումով այո՛ կրնան կացութիւններ պարտադրել ժողովուրդի մը, ցեղասպանութիւն գործել համայն աշխարհին աչքին առջեւ եւ անոր մեղսակցութեամբ, սակայն ինչպէ՞ս կրնան պատմութեան անիւը ետ դարձնել ու սովետական օրերու կարգավիճակ պարտադրել ժողովուրդի մը, որ յար եւ նման սովետական տարբեր հանրապետութիւններու ժողովուրդներուն ի՛ր ազատութիւնն ու անկախ ապրելու ճամբան կերտեց ի՛ր իսկ արիւնով:
Անձնատուութեամբ ինչպէ՞ս կարելի է հայրենիք պահել, երբ բոլորս ականատեսն ու ականջալուրը եղանք ոչ միայն բռնապետ Ալիեւի, այլեւ Էրտողանի Զանգեզուրի միջանցքին հասնելու մտադրութեան: Միթէ յստակ չէ՞ մեզմէ շատերուն թուրանական ծրագիրը բռնապետներու, որոնք ուժով, զէնքով ու քարիւղով կ’ոտնահարեն ոչ միայն ժողովուրդներ, այլեւ ինքնիշխան երկիրներու տարածքներ:
Ցաւօք արցախահայութիւնը առանձին մնաց ռումբին ու թնդանօթին դիմաց, ո՛չ խաղաղապահ ուժերը, ո՛չ մարդկային իրաւունքներու անունով հանդէս եկողները խօսքէն անդին անցնելով քայլ մը առին: Արցախահայութիւնը պայքարեցաւ ի՛ր ազատութեան համար մինչեւ վերջ, ինքնազոհութեամբ գոյամարտ մղեց ու փակեց արդարութեան եւ մարդասիրութեան կեղծ խոստումներու էջը՝ հաստատելով որ միայն ուժով կարելի է կացութիւն պարտադրել:
Մեր ազգին դամոկլեան սուրի նման կը սպառնայ ու պիտի սպառնայ ատրպէյճանաթրքական պատուհասը, որ Արցախի կորուստով եկաւ հասաւ Հայաստանի սահմանին:
Կը մնայ յուսալ, որ այս պարտութեամբ մեր ազգին գոյապայքարը վերջ չի գտներ ու անձնատուութեամբ խաղաղ ապրելու հաւատացողներուն թաւալգլոր անկումը կը կասեցուի:
21 Սեպտեմբերին Հայաստանի վերանկախացման տօնը կը յիշատակենք հաւատալով, որ համայն հայութեան հայրենիքը զօրացնող ու թշնամական ախորժակներուն դիմաց ուժեղ բանակի, անկոտրում ժողովուրդի եւ ազգային ռազմավարութեան հեռահար նպատակներու իրականացման հաւատացող քաղաքական գործիչներ ու դիւանագէտներ կը ստանձնեն մեր հայրենիքին ղեկը վերջապէս ու յուսահատութենէն դէպի աշխատանք եւ հզօրացում կ’առաջնորդեն Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը: