Ռուսական «Իզ» կայքը կը հաղորդէ, որ 14 Սեպտեմբերին Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիա կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ կացութեան անվտանգութեան երաշխաւորը:

«Բնականաբար մտահոգ ենք նկատելով, որ լարուածութիւնը չի թուլանար եւ նոյնիսկ որոշ հատուածներու մէջ աճելու միտում ունի: Հակառակ ամէն ինչին, Ռուսիա կը շարունակէ մնալ անվտանգութեան յուսալի երաշխաւոր: Մենք կը շարունակենք հաղորդակցութիւնները թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Պաքուի հետ: Եւ, անշուշտ, երկու կողմերուն ալ կոչ կ՛ուղղենք զսպուածութիւն դրսեւորելու եւ գործելու երկու տարի առաջ ստորագրուած այդ եռակողմ փաստաթուղթերուն ոգիով` բնականաբար նկատի առնելով այն նոր իրողութիւնները, որոնք ի յայտ եկած են անկէ ետք», ըսած է Փեսքով: