Պատմական հայրենիք կորսնցուցինք ու պահ մը հաւատալով մարդկային իրաւունքներուն, միջազգային դատարաններուն, ենթադրեցինք, որ անոնք կրնան պաշտպանել արցախահայութեան՝ ազգիս մէկ բեկորին իրաւունքը, մեզի հետ միաբերան դատապարտելով ու կոչեր ուղղելով ցեղասպանին:
«Մի՛ մոռնաք, պատմութիւնը վկայ, արուեստներուն մեծագոյնը ռազմական արուեստն է: Մշակոյթներուն մեծագոյնը պետական արուեստն է, պետականութիւն ստեղծելու ունակութեան արուեստն է…»:
«Մի՛ ըսէք, որ մենք գիրք կը գրենք, զէնքը ուրիշներուն գործն է: Զէնքը նոյնքան արուեստ է եւ արժէք, որքան գիրքը…»:
«Գետնին սողացող ազգեր չկան, ստրուկնե՛ր կան: Գետնին վրայ սողացող ժողովուրդները դատապարտուած են գետնին տակը մտնելու: Գետնին վրայ քալելու համար ոտքի քալող ժողովուրդներ պէտք են…»:
Իրաւացի էր մտաւորական, հրապարակագիր Սարգիս Զէյթլեան իր այս խօսքով: Անոր նմաններուն խօսքին անսացի՞նք ազգովին…
Ցաւօք ոտքի քալելու արուեստին տիրապետելով մէկտեղ, Գարեգին Նժդեհներ, Արամ Մանուկեաններ, Թաթուլ Կրպէեաններ ունենալով մէկտեղ, չյաջողեցանք անոնց աւանդը, ազգային հպարտութիւնը, քաղաքական բանիմացութիւնը, պետական մտածողութիւնը փոխանցել ներկայ սերունդներու մեծամասնութեան:
Չյաջողեցանք, որովհետեւ չվարժեցուցինք զիրենք կարդալու անոնց պատմութիւնը, ըմբռնելու անոնց քաղաքական փիլիսոփայութիւնն ու մարտունակ ոգին:
Հազարամեակներ շարունակ հայութեան բնօրրանը դարձած ու յաճախ յարձակումներու ենթարկուած, բայց դիմադրած Արցախը կորսնցուցինք: Արցախահայութիւնը բռնի տեղահանութեան ենթարկուեցաւ:
Աւելին. Հայաստան եւս կանգնած է այսօր քաղաքական եւ ապահովական լրջագոյն հարցերու առջեւ։
Մեր փրկութիւնը, սակայն, ոչ արեւմուտքէն, ոչ ալ հարեւան երկիրներէն պիտի գայ:
Մենք պիտի կարենանք փրկել մեր հայրենիքին մնացորդացը, եթէ զինուինք ու տոգորուինք պայքարի ոգիով ամէն օր, առանց մեզ պառակտող քարոզչութեան գերին դառնալու, հարցերուն խորքը թափանցելով, առանց ազգիս զաւակները արցախցիի, հայաստանցիի, դուրսի, ներսի հայերու բաժնելու:
Մեր փոխարէն ոչ ոք պիտի մարտնչի, ոչ ոք պիտի ամոքէ արցախցիին վիշտը, որ համայն հայութեան կոտտացող վէրքը դարձաւ: Մեր փոխարէն ոչ ոք պիտի պաշտպանէ մեր ազգին ու պետութեան շահերը:
Ցաւօք, Հայաստան ինքն իր ճակատագրին տէրը ըլլալու փոխարէն սկսած է այս կամ այն երկրին դռները թակել ու հարեւան երկիրներու ապաւինիլ, երբեմն չզանազանելով թշնամին դաշնակիցէն: Միթէ՞ նոյն պատճառով չկորսնցուցինք Արցախը:
Խաղաղապահներ կը հրաւիրենք, առիթ կու տանք, առանց փոխարէնը մեր ապահովութիւնը գետնի վրայ ամրապնդելու:Խաղաղապահները փաստօրէն միայն դիտորդի դեր կատարեցին, առանց պահպանելու խաղաղութիւնը, առանց կասեցնելու արցախահայութեան ցեղասպանութիւնը:
Ժամանակն է հասկնալու, որ մեր պետութեան, մեր ազգին ապահովութիւնը միայն մեր ուժերով կարելի է ամրագրել:
Ուստի յուսալքուելու փոխարէն, նախ տիրութիւն պէտք է ընել տեղահանուած արցախահայութեան, միաժամանակ հայրենի պետութեան պաշտպանական համակարգը զօրացնելու միջոցները ամրապնդել՝ գալիք օրերու դժբախտութիւնները կանխելու եւ մեր հպարտութիւնը վերագտնելու համար:
Այս նպատակներուն շուրջ համախմբուելու յանդգնութիւնն ու կամքը պիտի ունենա՞նք վերջապէս: