Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահները եւ Ազգային ժողովի նախագահը ապօրինաբար առեւանգելու  եւ գերեվարելու Ատրպէյճանի քայլը յստակօրէն ուղղուած է Արցախի Հանրապետութեան գոյութեան օրինական հանգամանքի չէզոքացման:
Ատրպէյճան լաւ գիտէ, որ Արցախի Հանրապետութիւնը Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք, հանրաքուէով, օրինականօրէն ձեւաւորուած պետութիւն է, ունի իրաւական հիմքեր, հետեւաբար միայն Արցախի վերջին նախագահին ստորագրութեամբ կարելի չէ օրինականօրէն լուծարել Արցախի Հանրապետութիւնը, թէեւ զինուորական առումով, ներկայ պահուն, Ատրպէյճան այդ հարցը լուծած կը համարէ:
Ուստի Արցախի նախորդ նախագահներն ու Ազգային ժողովի նախագահը ձերբակալելով, Ատրպէյճանի բռնապետական իշխանութիւնը պիտի ջանայ մահուան սպառնալիքով ստիպել Արցախի նախագահները ստորագրելու այնպիսի փաստաթուղթ, համաձայն որուն երբեւէ գոյութիւն չէ ունեցած կամ այլեւս չունի Արցախի անկախ Հանրապետութիւն, ապա անցնելու Արցախի Հանրապետութեան տնտեսական եւ մշակութային քայքայման:
Պետութիւն մը, սակայն, ինքնալուծարումի չենթարկուիր նախագահի ստորագրութեամբ, որովհետեւ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին, իսկ ներկայիս, բոլորս գիտենք, որ ժողովուրդը բռնի տեղահանուած է, իսկ ձերբակալուածներուն նկատմամբ բռնի ուժ կը կիրարկուի:
Յստակ է՝ Ատրպէյճանի համար անհրաժեշտ է որ ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Արցախը ստորագրեն Արցախի պետութիւնը չեղեալ համարող փաստաթուղթ:
Այս բոլորին կողքին, Ատրպէյճան Արցախի քաղաքական եւ զինուորական առաջնորդները կ’անուանէ «ահաբեկիչներ», որպէսզի արդարացնէ իր բռնարարքները անոնց նկատմամբ: Ցաւօք այս եզրոյթը դատապարտող ոչ մէկ ձայն հնչեց հայկական կողմէն:
Միթէ ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահները ահաբեկիչներո՞ւ հետ կը բանակցէին տասնամեակներ շարունակ: Ասիկա բառացիօրէն արհամարհանք է ցարդ տարուած բանակցութիւններուն եւ հարցի լուծման մէջ միջազգային դերակատարներուն: Միջազգային գործընթացները արհամարհելու Ատրպէյճանի այս քայլը կարելի է բարձրացնել տարբեր հարթակներու վրայ ու կասեցնել «ահաբեկիչ» եզրոյթի օգտագործումը՝ գէթ գերեվարուածներուն կեանքը փրկելու:
Արցախի ժողովուրդն է իր անկախ պետականութեան կերտիչը: Անոր քուէն կարելի չէ արհամարհել առնուազն քաղաքականօրէն: Հայաստանի Հանրապետութիւնը յստակ դիրքորոշում պէտք է ունենայ Արցախի պետութեան նկատմամբ ու չստորագրէ այնպիսի փաստաթուղթ, որ Արցախի պետութիւնը անհիմն կը համարէ: