Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավար Շառլ Միշէլ յայտնած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ վերջին զրոյցի ընթացքին շեշտած է, որ ան «չի կրնար տարածքային պահանջներ ունենալ Հայաստանի նկատմամբ», եւ պահանջած է երաշխաւորել «Պաքուի եւ Երեւանի կողմէն իրարու տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը»։
«Ես երկու օր առաջ խօսեցայ նախագահ Ալիեւի հետ եւ յստակ ըսի իրեն, որ ան չի կրնար տարածքային պահանջներ ունենալ Հայաստանի նկատմամբ: Սա պէտք է բարձրաձայն ըսուի եւ երաշխաւորուի։ Ես մտադիր չեմ այստեղ հրապարակաւ մեկնաբանել Ալիեւի՝ Կրանատա չգալու որոշումը, ես անձամբ անոր կ’ըսեմ, թէ ի՛նչ կը մտածեմ այդ մասին», աւելցուցած է Միշէլ։
Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավարը նշած է, որ Եւրոպական Միութեան միջնորդութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղղուած է Եւրոմիութեան շահերու պաշտպանութեան և Կովկասի մէջ եւրոպական արժէքներու յառաջ մղման։