Մենք վերջին տասնամեակներուն միջազգային հանրութեան լրջագոյն ձախողման ականատեսն ենք։ Այս մասին յայտարարած է Եւրոխորհրդարանի պուլկարացի պատգամաւոր, Հայաստանի հարցերով զեկուցող Անտրէյ Գովաչեւ՝ Եւրոխորհրդարանին մէջ տեղի ունեցող «Իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք եւ Հայաստանի դէմ շարունակուող սպառնալիքները» նիւթով քննարկման ընթացքին։
«Կային երեք հիմնարար սկզբունքներ, որոնք համաձայնեցուած էին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ՝ ուժ չկիրառել, ինքնորոշման իրաւունք եւ տարածքային ամբողջականութիւն: Ատրպէյճանը խախտած է անոնց երկուքը՝ բազմաթիւ առիթներով օգտագործելով ուժ եւ ԼՂ ժողովուրդին կարելիութիւն չտալով իրացնելու ինքնորոշման իրենց իրաւունքը։
Ներկայիս մենք ցեղական զտման, ԼՂ հայերուն համար ողբերգական պայմաններու ստեղծման ականատեսն ենք: Նախ Բերձորի միջանցքի արգելափակումը հանգեցուց շարք մը կենսական մթերքներու եւ ծառայութիւններու պակասի, այնուհետեւ ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ բոլոր մակարդակներով ատելութեան հռետորաբանութիւնը եւ գործողութիւնները ստեղծեցին թունաւոր միջավայր, վախ եւ հանգեցուցին ԼՂ հայերու զանգուածային տեղահանման»,- յայտարարած է Գովաչեւը։
Անոր խօսքին համաձայն, այդ մարդոց տառապանքները առաւել մեծ աշխարհաքաղաքական հաշուարկներու հետեւանք է, ուր Ռուսիան արհամարհեց 9 Նոյեմբեր 2020_ եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները եւ անցաւ Ատրպէյճանի կողմը՝ պատժելու հայկական կողմը՝ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները ամրապնդելուն համար:
Գովաչեւը կոչ ըրած է եւ դիմած ԵՄ-ին ըսելով, որ ան պէտք է անյապաղ եւ կայուն ձեւով մարդկայնական աջակցութիւն ցուցաբերէ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին, եւ ազրպէյճանը պարտաւոր է երաշխաւորելու ԼՂ հայերու ապահով վերադարձը եւ անվտանգ կեանքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այս պայմաններուն պէտք է հետեւին միջազգային դիտորդները։