Պաղեստինեան դիմադրութեան սանձազերծած «Աքսայի Հեղեղ» զինուորական գործողութիւնը ծրագրուած ու կազմակերպուած ըլլալուն կողքին, ունէր անակնկալի գործօնը ե՛ւ ժամկէտի ե՛ւ օգտագործուած զէնքերու առումով:
Դիմադրութեան այս գործողութիւնը ձեւով մը շրջեց հակառակորդի անխոցելիութեան քարոզչութիւնը, իսկ պաղեստինցիներուն քարոզչական նպատակաուղղուած աշխատանքը ցոյց տուաւ, որ գործողութիւնը ոչ թէ կիներ ու երեխաներ սպանել, այլ զուտ զինուորական թիրախներ հարուածել ու գերիներ վերցնել էր՝ ստիպելու հակառակորդը բանակցութեան նստելու պաղեստինցիներուն հետ:
Գործողութեան յառաջիկայ օրերուն սկսաւ երեւելի դառնալ պատերազմի տարածքին ընդլայնման հաւանականութիւնը:
Պաղեստինեան դիմադրութեան կողմէ Իսրայէլի դէմ յայտարարուած «Աքսայի Հեղեղ» գործողութեան զուգահեռ, 8 Հոկտեմբերի առաւօտեան հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլ  հրթիռակոծում արձանագրուեցաւ:
Առաւօտեան կանուխ ժամերուն Արքուպի եւ Հասպայայի շրջակայքէն տեղի ունեցաւ հրթիռակոծում, որ թիրախ դարձուց Ռուէյսաթ Ալամի մէջ գտնուող իսրայէլեան զօրանոցներ, ինչպէս նաեւ ռատարի կեդրոնը, որ ռազմավարական կարեւոր թիրախ մը կը նկատուի:
Մազարեհ Շեպաայի մէջ եւ Շէյխ լերան վրայ գտնուող իսրայէլեան զինուորական կեդրոններ նոյնպէս ռմբակոծուեցան:
Աւելի ուշ Հըզպալլա ստանձնեց իսրայէլեան ռազմավարական դիրքեր ռմբակոծելու պատասխանատուութիւնը:
«Այս յարձակումները գործուած են լիբանանեան բռնագրաւուած մնացեալ հողերը ազատագրելու ճամբուն վրայ եւ պաղեստինեան դիմադրութեան ու համբերատար պաղեստինցիներուն զօրակցութեան նպատակով», կ’ըսուէր Հըզպալլայի հաղորդագրութեան մէջ:
Իսրայէլեան ուժեր արձակեցին հրթիռներ, որոնց նպատակն էր Դիմադրութեան մարտիկները հեռացնել Մազարեհ Շեպաայէն:
Յիշենք, որ Իսրայէլ բազմիցս հրթիռակոծած էր նաեւ Սուրիոյ օդակայանները, իսկ սուրիական կողմէն յստակօրէն ըսուած էր, որ կը պահպանենք պատասխան հարուածի իրաւունքը՝ յարմար ժամանակին:
Միւս կողմէ Իրան կը զգուշացնէր Իսրայէլը, որ պաղեստինցիներու հետ իր բախումներուն վերջ դնէ ու չանցնի կարմիր գիծը: Այստեղ տեղին է յիշել Ատրպէյճան-Իսրայէլ մերձեցումը, որ արցախեան պատերազմին ճամբով Իրանի սահմանին հասնելու կամ Իրանը շրջափակելու երանգներ կը պարունակէր իր մէջ: Ի զուր չէր, որ Իսրայէլ կը զինէր Ատրպէյճանը Արցախի վերջին պատերազմին ու կը դիւրացնէր Ատրպէյճանի բռնագրաւումը Արցախին:
Այս բոլորը կը յուշեն, որ եթէ Իսրայէլ շարունակէ սպառնալ պաղեստինցիներուն, շարունակէ հրթիռակոծել Կազզան ու գերիներու փոխանակման համար չբանակցի, պատերազմի տարածքի ընդլայնման հաւանականութիւնը մեծ կրնայ ըլլալ:
Պաղեստինեան դիմադրութիւնը այս գործողութեամբ քայլեր կը պարտադրէ հակառակորդին: