Արցախի ժողովուրդը աւելի քան 9 ամիս պաշարելու ու ցեղասպանութեան ենթարկելով բռնի գաղթի մղելու, անոր մշակութային հարստութիւնը խեղաթիւրելու ու տնտեսական կարելիութիւններուն տիրանալու Ատրպէյճանի ծրագրուած ու անպատիժ մնացած ոճիրին կը յաջորդէ Կազզայի բնակչութեան ուղղուած սպանդն ու բռնի տեղահանութեան Իսրայէլի ոճիրը:
Կազզայի հիւանդանոցի սարսափելի հրթիռակոծումը ցնցեց ողջ աշխարհը:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճան ձերբակալելով Արցախի պետական աւագանին, հրապարակային դատավարութիւնը կատարելով 75-ամեայ արցախցի Վաքիֆ Խաչատրեանի, կը ջանայ Արցախի պետականութեան հաստատման գաղափարը ամբողջովին արժեզրկել ու ահաբեկչական շարժումի վերածել ինքնորոշման միջազգային իրաւունքի կիրարկումով ու քուէարկութեամբ հաստատուած Արցախի հանրապետութեան կերտման իրողութիւնը:
Միթէ՞ ահաբեկչական շարժման կազմակերպիչներու հետ կը բանակցէր ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը 30 տարի շարունակ:
Փաստօրէն աշխարհը ականատեսը կը դառնայ բռնապետի մը հրապարակային ցուցադրութիւններուն, երբ Ատրպէյճանի նախագահը մտնելով Ստեփանակերտ եւ հասնելով մինչեւ Արցախի  նախագահական գրասենեակ, կը ջանայ արհամարհել Արցախի պետականութեան 30 տարուան գործունէութիւնը, որ աւելի ժողովրդավարական էր քան Ատրպէյճանինը, ու հրապարակին մէջ կանգնելով ասպարէզ կը կարդայ ժողովրդավար աշխարհին:
Անտեսելի չեն նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան զօրավարժութիւններու կազմակերպումը, յատկապէս այս օրերուն: Փաստօրէն երկու երկիրները կը ծրագրեն իրենց յառաջիկայ զինուորական գործողութիւնները՝ միեւնոյն ատեն խաղաղութեան օրակարգի մասին խօսելով ու քաղաքակիրթ աշխարհին աչքին փոշի ցանելով:
Թուրքիոյ նախագահը մէկ կողմէ կը դատապարտէ Կազզայի հիւանդանոցին վրայ յարձակումը, միւս կողմէ Իսրայէլի դաշնակից Ատրպէյճանի հետ ծրագիրներ կը մշակէ՝ Ատրպէյճան-Իսրայէլ գործակցութեան պատկերին լոյսին տակ:
Խաղաղութիւն…
Վերջին տարիներուն Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ ծաւալող պատերազմները  խաղաղութիւնը անիրականանալի խաղաքարտի մը վերածեցին պարզապէս՝ բռնագրաւելու երկիրներ, ոտնահարելու իրաւունքներ ու անպատիժ թողելու բռնապետներ:
Խաղաղութիւնը արդարութեան վրայ հիմնուելով միայն կայուն կը դառնայ: Պատմութեան ո՞ր էջին մէջ հանդիպած ենք ցեղասպանութեամբ ու բիրտ ուժով պարտադրուող խաղաղութեան:
Այս բոլորը կրկին կը հնչեցնեն ազգերու, ժողովուրդներու ներքին ամրութեան, պետութիւններու հզօր պաշտպանողականութեան ձգտելու մարտահրաւէրը, առանց որոնց անիրականանալի պիտի մնան խաղաղութեան ցանկութիւնները: