Թուրքիան ընդհանրապէս սերտ յարաբերութիւններ ունեցած է պաղեստինեան ու սուրիական հողեր գրաւած Իսրայէլի հետ: Հակառակ անոր որ մերժած է ՄԱԿ-ի 1947-ի տարածքներու բաժանումին առնչուող բանաձեւը, մէկ տարի վերջ՝1948-ին պաշտօնապէս ճանչցած է Իսրայէլի գոյաւորումը:
Ու թէեւ այդ յարաբերութիւնները վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին ենթարկուած են լուրջ վերիվայրումներու, սակայն Թուրքիան երկար ժամանակի վրայ չէ խզած իր յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ:
Արցախի դէմ Ատրպէյճանի մղած պատերազմին ընթացքին Թուրքիան ուղղակի կողմ դարձաւ ու Ատրպէյճանին տրամադրեց ոչ միայն զէնք ու զինամթերք, այլեւ ծանր հրետանի, սպայակազմ եւ մասամբ նորին: Ատրպէյճանին զինուորական օժանդակութեան կողքին, Թուրքիան քաղաքական գետնի վրայ եւս նեցուկ կանգնեցաւ անոր ու յաւելեալ ճնշում բանեցուց Հայաստանի վրայ, յաւելեալ զիջումներ խլելու անկէ:
Պաղեստինի պարագային նոյնը չեղաւ սակայն: Թուրքիան մէկ կողմէ պաղեստինեան եւ արաբական հանրութեան ցոյց տուաւ որ կը դատապարտէ Իսրայէլն ու անոր յարձակումները, միւս կողմէ սակայն ոչ թէ զօրավիգ կանգնեցաւ պաղեստինեան դիմադրութեան, այլ՝ նախընտրեց միջնորդի դերը յանձն առնել, հրապարակային ելոյթներով Իսրայէլը դատապարտել պարզապէս ու զինադադարի կամ ճանապարհային քարտէզի իր տարբերակը առաջարկել որպէս միջնորդ, պաղեստինցիներուն մարդասիրական օժանդակութիւն առաքելու պատրաստակամութեան կողքին:
Պաղեստինեան պատերազմի այլազան փուլերուն երեւելի դարձած է Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու պահպանման կարմիր գիծը:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, Թուրքիան գործակցեցաւ Սուրիոյ իշխանութիւնները տապալել փորձող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ, անոնց զօրավիգ կանգնեցաւ զէնքով ու զինամթերքով, այնպէս ինչպէս Ատրպէյճանին՝ Արցախի պատերազմի օրերուն, ու սուրիական տարածքներ գրաւեց՝ յագուրդ տալով ծաւալապաշտական իր նկրտումներուն:
Պաղեստինեան հարցին մէջ, Թուրքիան վերահաստատելով լարախաղացի իր դերակատարութիւնը փաստօրէն կը փորձէ ոչ թէ նեցուկ կանգնիլ Պաղեստինի ժողովուրդին, անոր դիմադրական շարժումին, այլ՝ պատերազմող կողմերուն միջեւ միջնորդի դեր խաղալով հակակշռել Իրանի եւ այլ արաբական երկիրներու ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ: