Սուրիա պատերազմի ազդեցութենէն տակաւ դուրս կու գայ, միեւնոյն ատեն, սակայն, տարածաշրջանի կայունութիւնը  իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան լոյսին տակ  կրկին բխրուն կը դառնայ:
Այս բոլորը իրենց բացասական անդրադարձը կ’ունենան տարածաշրջանի երկիրներու թէ՛ տնտեսութեան, թէ՛ ապահովութեան վրայ, մանաւանդ նկատի ունենալով որ արաբական երկիրները, յատկապէս Սուրիան եւ Լիբանանը ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս զօրավիգ կը կանգնին պաղեստինեան ազգային դիմադրութեան՝ յանուն պաղեստինեան դատի արդար լուծման:
Յստակ են Սուրիոյ ու Լիբանանի ապահովութեան սպառնալու Իսրայէլի յաճախակի փորձերը, միւս կողմէ սակայն, սուրիական կողմն ալ իր յստակ թիրախները ընտրելով կը ջանայ ե՛ւ իր հողերը բռնագրաւող կողմերուն դէմ պայքարիլ, ե՛ւ արաբական ազգային ճակատին զօրավիգ կանգնող իր կեցուածքը պահել նոյն վճռակամութեամբ, առանց զիջելու, հակառակ երկրին դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն:
Այս բոլորը բնականաբար իրենց ազդեցութիւնը կ’ունենան ժողովուրդին տրամադրութեան, տնտեսական վիճակին վրայ ու կրկին շատերուն աչքերը կ’ուղղուին ապահով երկիրներ արտագաղթելու ճանապարհ, ինչ որ իր անդրադարձը կ’ունենայ ազգային, համայնքային մեր կեանքին վրայ:
Ներկայ փուլը մեզ կը պարտաւորեցնէ լարել ուժերը, միացնել ճիգերը, վանել յուսահատութիւնը ու աշխատանքով փորձել յաղթահարել տնտեսական, կազմակերպական, ապահովական եւ այլ դժուարութիւններ, մինչեւ որ երկիրը վերջնականապէս հասնի խաղաղութեան ափ ու տնտեսութիւնը բարելաւման նշոյլներ ցոյց տայ:
Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանները կ’եռան ամէնօրեայ զարգացումներով, նաեւ սպառնալիքներով, հետեւաբար ալ ներկայ դժուարութիւնները կեցութեան վայրի փոփոխութեամբ վերջ պիտի չգտնեն, որովհետեւ տագնապները ընդլայնելու նշոյլներ ցոյց կու տան:
Այս կացութիւնը նուազագոյն վնասներով յաղթահարելու կարեւոր միջոցներէն մէկը յաւելեալ ճիգի ու աշխատանքի ներարկումն է մեր առօրեային մէջ՝ անձնական, ազգային թէ միութենական: Աշխատանքին չափ ալ կարեւոր է ճիգերու միացումը, զիրար նեցուկ կանգնիլն ու նոր մտայղացումներով համայնքին կայուն կեանքի պահպանումը:
Միատեղ ճիգերուն կողքին անհրաժեշտ է խտացնել որոշ աշխատանքներ՝ մարդուժի խնայողութեան համար, տնտեսելով առաջ տանիլ կազմակերպչական աշխատանքներ ու ձեռնարկներ՝ մինչեւ երկրի ներկայ կացութեան բարելաւում ու մասնակից դառնալ ազգային ու համայնքային կեանքի տարբեր աշխատանքներուն, դուրս գալով կրաւորական մօտեցումներէն:
Սուրիահայութիւնը անցնող տարիներուն շատ ծանր կացութիւններ յաղթահարեց համբերատար ու կազմակերպ իր աշխատանքին շնորհիւ: Այս փուլը եւս կրնանք յաղթահարել համախմբուած ու ծրագրեալ աշխատանքով ու զիրար նեցուկ կանգնելով:
Մեր միութիւններն ու դպրոցները առաջնորդողները այս տրամաբանութեամբ գործելով յուսահատութեան ալիքէն զերծ կրնան պահել մեր ժողովուրդի զաւակները ու աշխատանքի դրական մթնոլորտ ստեղծելով կրնան կեդրոնանալ որակի բարելաւման  վրայ՝ թիւի նօսրացման դիմաց գէթ նոր որակով օժտելու աշխատանքի տարբեր մարզերը: