Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, շեշտելով, որ Իսրայէլ մարդկութեան դէմ ոճիր մը եւս գործեց՝ Կազզայի Ճապալիա հատուածը հրթիռակոծելով, որուն հետեւանքով աւելի քան 400 նահատակ եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ արձանագրուեցան։
Նախարարութիւնը աւելցուց. «Իսրայէլեան ոճիրները ամբողջ աշխարհին կը վերյիշեցնեն 40-50-ական թուականներուն Տէր Եասինի եւ Քաֆար Քասէմի մէջ տեղի ունեցած ջարդերը, իսկ ԱՄՆ եւ արեւմտեան երկիրներ քստմնելիօրէն իսրայէլեան ոճիրները «ինքնապաշտպանութիւն» կ’անուանեն, ինչ որ մարդասպան Իսրայէլը կը խրախուսէ բնակարաններ եւ հիւանդանոցներ հրթիռակոծել»։
Նախարարութիւնը աւելցնելով ըսաւ, որ Սուրիան անգամ մը եւս կոչ կ’ուղղէ արդար ժողովուրդներուն ուժեղացնելու իրենց պայքարը իսրայէլեան ոճիրներուն դէմ, որովհետեւ անոնք շարունակուելու պարագային մարդկային ժառանգութիւններ պիտի անհետանան։