29 Հոկտեմբերին Գերմանիոյ Քիոլն քաղաքին մէջ թուրքերը ցոյց իրականացուցած են՝ քաղաքային իշխանութիւններէն պահանջելով հանել 1915-ի Հայոց Ցեղասպանության զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը:
Բողոքի ցոյցը կատարուած է քաղաքի «Kurt-Rossa» հրապարակին վրայ, ուրկէ քիչ հեռու խումբ մը հայեր բողոքի ցոյց իրականացուցած են՝ ընդդէմ թուրք ցուցարարներուն։
Անոնք պնդած են, որ յիշեալ յուշարձանը հերթականօրէն տեղադրուած է՝ հակառակելով դատարանին կայացուցած վճռին։
Նշենք, որ յուշարձանը առաջին անգամ «Յիշէ՛ ցեղասպանութիւնը» նախաձեռնութեան կողմէն տեղադրուած էր Քիոլն քաղաքին մէջ 15 Ապրիլ 2018-ին առանց քաղաքային իշխանութիւններուն թոյլտուութեան, որուն յաջորդած էր 19 Ապրիլի յուշարձանը քակելու փորձը։
Ամէն տարի, հակառակ թոյլտուութեան բացակայութեան եւ յուշարձանը չվերցնելու որոշումին, Հայոց Ցեղասպանության յիշատակի օրը՝ 24 Ապրիլին ընդառաջ յիշեալ նախաձեռնութիւնը կրկին կը տեղադրէ այդ յուշարձանը։