Այսօր Կազզայի դէմ իսրայէլեան գրոհին 25-րդ օրը 73 նահատակ եւ տասնեակ վիրաւորներ արձանագրուեցան, ինչպէս նաեւ տասնեակ շէնքեր եւ բնակարաններ քանդուեցան։

Պաղեստինի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 7 Հոկտեմբերէն ի վեր Պաղեստինի մէջ նահատակներուն թիւը հասաւ 8306-ի, անոնց մէջ ըլլալով 3457 փոքրիկ, 2136 կին եւ 480 երէց, իսկ վիրաւորներունը՝ 21048-ի։