Լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբը յայտարարեց, որ 7 Հոկտեմբերէն ի վեր Կազզայի մէջ նահատակուած լրագրողներուն թիւը հասած է 31 լրագրողի։
Նովոսթի լրատու գործակալութիւնը վկայակոչելով յանձնախումբին հաղորդագրութիւնը յայտնեց. «Այս շրջանին Կազզայի մէջ նահատակուած լրագրողներուն թիւը 1992-էն ի վեր՝ նահատակուած ռազմական լրագրողներու պատմութեան մէջ ամենաբարձր թիւն է»։
Յիշենք, որ լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբը ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն է, որուն կեդրոնը Նիւ Եորք է։