Նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած փաստացի տուեալներուն համաձայն, Ատրպէյճանի զինուորական յարձակումին հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զոհուած է 200-էն աւելի զինուոր եւ քաղաքացիական անձ։ Մօտաւոր 12 քաղաքացի եւ 30 զինուորական ծառայող համարուած է անհետ կորած: Առկայ են առնուազն 14 անձի խոշտանգման ենթարկուելու դէպքեր, որոնցմէ 12-ը զինուոր են, 2-ը՝ քաղաքացի։ Զինուորական գործողութիւններուն հետեւանքով սպանուած է 3 երեխայ, տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներ ստացած է 231 զինուոր եւ 80 քաղաքացի:
ԼՂ բնակչութեան նկատմամբ ցեղային զտման քաղաքականութեան ծրագրուած ու կանխամտածուած քաղաքականութեան, անոր մաս կազմող՝ 19_20 Սեպտեմբերին իրականացուած զինուորական յարձակումին հետեւանքով ԼՂ-ի գրեթէ ողջ բնակչութիւնը՝ 100 հազարէն աւելի անձ՝ բացառապէս ֆիզիքապէս փրկուելու անհրաժեշտութենէն դրդուած, բռնի տեղահանուած է՝ չունենալով ունեցուածքը, գոյքը դուրս բերելու պատշաճ ժամանակ եւ կարելիութիւն: Ընդ որուն, բռնի տեղահանութեան ընթացքին եւ անոր անմիջապէս յաջորդող ժամանակահատուածին արձանագրուած է 64 քաղաքացիի մահ, որոնք ուղիղ պատճառական կապի մէջ են պաշարման ժամանակահատուածին, ցեղային զտումներու գործողութիւններուն եւ տեղահանութեան ընթացքին կրած զրկանքներուն՝ սովի, դեղորայքային եւ բժշկական օգնութեան բացակայութեան եւ այլնի հետ։