Պաքուի մէջ զինուորական դատարանի դատաւոր Զեյնալ Աղաէի նախագահութեամբ այսօր պիտի շարունակուի Հաքարիի կամուրջէն Յուլիսի վերջը առեւանգուած Վագիֆ Խաչատրեանի դատավարութիւնը։
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, այսօրուան դատական նիստին «պիտի խօսին տուժածները»։
Վագիֆ Խաչատրեան կ’անցնի «22 Դեկտեմբերին Ատրպէյճանի դատախազութեան կողմէն յարուցուած քրէական գործով՝ Խոճալուի շրջանի Մեշալի գիւղին մէջ 22 Դեկտեմբեր 1991_ին հայկական ապօրինի զինեալ խմբաւորումներու անդամներուն կողմէն ցեղասպանութեան, ազգութեամբ ատրպէյճանցիներու տեղահանութեան, պետութեան պատկանող գոյքի ոչնչացումի եւ վնասումի փաստերով»։ Վագիֆ Խաչատրեան չէ ընդունած իրեն ուղղուած մեղադրանքները։ Արդէն հինգ դատական նիստ կայացած է, բայց որեւէ տուժող որոշակի չէ մատնանշած, որ Վագիֆ Խաչատրեան մեղաւոր է իրեն խոշտանգելուն համար։