Արցախի Հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան արձագանգած է այն պնդումներուն, ըստ որոնց Ատրպէյճան Արցախի դեմ լայնածաւալ յարձակում սկսած է՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կազմակերպման հետեւանքով։
«Ծանօթ եմ այդ կեղծ թէզին։ Կ’ուզեմ ձեզ վստահեցնել, որ ատրպէյճանական կողմը նկատի չ’առներ, թէ ինչ գործընթացներ կ’իրականացուին Արցախի մէջ, եւ յստակ է, որ իմ ընտրուելէն վերջ չէ մշակուած այդ զինուորական գործողութիւններու ծրագիրը։ Ատիկա նախօրօք մշակուած եւ պատրաստուած էր։ Մենք 9 ամիս շրջափակուած էինք, վերջին 4 ամիսները՝ պաշարման մէջ։
Վերջին ամիսներուն ես՝ որպէս Անվտանգութեան Խորհուրդի (ԱԽ) քարտուղար, մշտապէս կը ստանայի տեղեկութիւն, եւ մենք պարբերաբար կը քննարկէինք ԱԽ նիստերուն, թէ ինչ կուտակումներ կ’իրականացնեն Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերը՝ մեր շփման գիծի ողջ երկայնքով․ նաեւ ծանր ճարտարագիտութիւն, հրետանի, մեծ քանակութեամբ անձնակազմ՝ յատուկ նշանակութեան, կը գտնուէին մեր բնակավայրերուն շատ մօտ, եւ ըսել, որ վերջին օրերուն այդ գաղափարը ծագած է Ատրպէյճանի մօտ եւ Արցախի ընտրութիւններուն հետ կապուած է, ճիշդ չէ եւ կեղծ թէզ է», ըսած է Սամուէլ Շահրամանեան։