Ատրպէյճանի կողմէն գերեվարուած Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան Պաքուէն 2 անգամ կապ հաստատած է հարազատներուն հետ։

Որդիին փոխանցումին համաձայն, հայրը առաջին անգամ 10 Հոկտեմբերին իրենց հեռաձայնած է, 2-րդ անգամ՝ 13 Հոկտեմբերին։
«Ըսաւ, որ բնական է ամէն ինչ, ուրիշ ոչ մէկ բան», պատմեց Արմէն Իշխանեան՝ տեղեկացնելով, որ 19 Հոկտեմբերին Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահին այցելած են նաեւ Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները։

Միջազգային կազմակերպութեան անդամները հարազատներուն փոխանցած են, որ Իշխանեանի վիճակը բնական է։
Դաւիթ Իշխանեան Լեռնային Ղարաբաղի 3 նախկին նախագահներուն հետ գերեվարուեցաւ Հոկտեմբերի սկիզբը։ Պաքուն զայն մեղադրած է ահաբեկչութեան յանցանքով։ Իշխանեան, ինչպէս եւ նախկին նախագահները 4 ամիսով կալանաւորուած են։