Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ խորհրդակցեցաւ տարածաշրջանի վերջին զարգացումներուն եւ Կազզայի դէմ իսրայէլեան գրոհին շուրջ։

Կողմերը անդրադարձան նաեւ երկու երկիրներու յարաբերութեան զարգացման կարեւորութեան շուրջ։

Անդրադառնալով Կազզային, նախարար Մըքտատ յայտնեց, որ Կազզայի մարդասիրական իրավիճակը օր ըստ օրէ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ։ նախարար Մըքտատ կարեւոր համարեց միջազգային ուժերու դերակատարութիւնը իսրայէլեան գրոհը կասեցնելու եւ մարդասիրական խօգնութիւններ հասցնելու Պաղեստինի ժողովուրդին։

Իր կարգին Լաւրով շեշտեց, որ Ռուսիա կը մերժէ իսրայէլեան յարձակումները սուրիական հողերուն եւ հաստատութիւններուն վրայ, լուսարձակի տակ բերելով Կազզայի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման անհրաժեշտութիւնը, կանխելու համար տարածաշրջանին լարուածութեան սրումը։

Լաւրով միջազգային հանրութեան  կոչ ուղղեց Կազզայի ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւնները հասանելի դարձնելու եւ անմիջապէս դադրեցնելու պատերազմը։