ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած 16 հազար 371 աշակերտ Հայաստանի մէջ կը յաճախէ դպրոց, որուն 5.185-ը՝ Երեւան: Այս մասին 31 Հոկտեմբերին, կառավարութեան մարդասիրական կեդրոնի ճեպազրոյցին ընթացքին տեղեկացուցած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարի տեղակալ Արաքսիա Սուաջեան:
Անոր համաձայն, աշխատանքի համար դիմած է տեղահանուած 126 ուսուցիչ, որոնց 52-ը արդէն գործուղուած է: Փոխնախարարը տեղեկացուցած է, որ մարզային դպրոցներուն մէջ աշխատանքի անցնելու պարագային ուսուցիչները կ’ունենան 30 տոկոս յաւելումի կարելիութիւն, իսկ Տաւուշ, Իջեւան, Նոյեմբերեան եւ Բերդ համայնքներու դպրոցներուն ու Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս եւ Ճամբարակ համայնքներու դպրոցներուն մէջ, բացի 30 տոկոս յաւելումներէն, կը ստանան նաեւ 50 հազար դրամ յաւելում:
Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի տեղակալ Աննա Ժամկոչեան ներկայացուցած է 40+10 հազարական դրամ ընկերային աջակցութեան ծրագիրի նոր պայմանները, որոնք կը գործեն Նոյեմբերէն: Շահառու չեն հանդիսանար բոլոր այն անձինք, որոնց կեցութիւնը կ’ապահովուի պետական միջոցներով: