Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան 30 Հոկտեմբերին ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի պատգամաւոր Նիքոլաս Պեյի, իտալացի պատգամաւոր Վինչենցօ Սոֆոյի եւ Եւրոպական Խորհրդարանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ֆրանսական «ReconquՍte» կուսակցութեան ցանկը գլխաւորող Մարիօն Մարեշալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Հանդիպման մասին իր ֆէյսպուքեան էջին գրառում կատարած է ֆրանսացի պատգամաւոր Մարիօն Մարեշալ՝ կարեւորելով Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ հանդիպումը։ Պատգամաւորը շեշտած է, որ Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն ստացող Ատրպէյճան կը միտի բնաջնջել հայերն ու ոչնչացնել քրիստոնէութեան հետքը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին առնչուող հարցեր։