Արցախի անկումը մարդկային, տնտեսական եւ հողային կորուստներու առումներով ծանր հետեւանքներ ունեցաւ: Պատմական մեր հայրենիքէն մաս մը բռնագրաւուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ:
Աշխարհաքաղաքական զարգացումները, Ուքրանիոյ պատերազմը, բայց մանաւանդ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի զինուորական օժանդակութիւնները նպաստեցին Ատրպէյճանին՝ կարճ ժամանակի մը մէջ տապալելու բոլոր համաձայնագրերն ու բանակցային տրամաբանութիւնը եւ հայրենազուրկ դարձնելու Արցախի բնակչութիւնը:
Նկատելի է, թէ Ատրպէյճան որքան արագ կը ձեռնարկէ իրերայաջորդ քայլերու՝ ազերիներով բնակեցնելու Արցախի կարգ մը շրջանները, զինուորական շքերթ կազմակերպելու Ստեփանակերտի մէջ, հայկական մշակութային կոթողները քանդելու կամ աղաւաղելու, այլ խօսքով՝ այնքան ատեն որ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմանները ի նպաստ իրեն կը զարգանան, աճապարանքով եւ իր եղբօր՝ Թուրքիոյ նախագահին կնքահայրութեամբ ձեռնարկելու հայկական Արցախի իւրացման ամբողջական գործընթացին, պատերազմի արդիւնքները վերջնականացնելու հեռանկարով:
Այս աճապարանքը կը հաստատէ, որ Ալիեւ լաւապէս ըմբռնած է Արցախի հայկականութեան անուրանալի իրողութիւնը ու նախքան աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան իրականացում՝ կը ջանայ իր զինուորական բռնագրաւումը քաղաքական յաղթաթուղթի ու Արցախի ժողովրդագրական պատկերի վերջնական փոփոխութեան վերածել: Իրականութեան մէջ Ատրպէյճանի Արցախի հայութեան ուղղուած համարկումի կոչերը պարզապէս քարոզչական շղարշներ են: Ալիեւ լաւ գիտէ որ Արցախը ինքնավար մարզ էր Խորհրդային Միութեան օրերուն, ապա՝ միութեան քայքայումէն ետք անկախացած իր բնակչութեան որոշումով, հետեւաբար անկախ ապրիլ որոշած ժողովուրդը չի կրնար պատմութեան անիւը իր ձեռամբ շրջել ու Ատրպէյճանի լուծին տակ ապրիլ:
Այս երեւոյթին դիմաց հայկական կողմը,- հայրենի պետութիւն եւ Սփիւռք,- ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնէ նախ վերջ տալու Արցախի տեղահանուած բնակչութեան խուճապային տրամադրութեան, օգնելու, որ ան աշխատանք, կեցութեան յարմար պայմաններ ունենայ Հայաստանի մէջ, ամոքէ իր վէրքերը, որպէսզի յուսալքութիւնը վանէ, շարունակէ իր գոյերթն ու հայրենիք վերադառնալու հաւատքը անսասան պահէ:
Արցախահայութեան դիմագիծի ու պետական համակարգի պահպանման համար տեղահանուածի կարգավիճա՞կ կը տրուի արցախահայութեան, կը պահպանուի՞ Արցախի կառավարութիւնը որպէս վտարանդի կառավարութիւն, կը գործէ՞ Արցախի պետական համակարգը… սերտելի հարցեր են, որպէսզի Արցախի իսկական տէրերը վերադարձի իրենց յոյսն ու լծակները պահպանեն, իսկ Սփիւռքն ու հայրենի պետութիւնը թեւ թիկունք կանգնին Արցախի բնակչութեան մինչեւ Արցախի կարգավիճակի ճշմարիտ ու արդար հանգուցալուծում՝ իր իսկ ժողովուրդին որոշումով:
Արցախի ժողովուրդին ճակատագիրը վերջապէս, նոյնինքն Արցախի ժողովուրդը կ’որոշէ, իսկ ժողովուրդը իր հանրաքուէով ու նախքան վերջին պատերազմը իր մէկէ աւելի ժողովրդային հաւաքներով հաստատած է իր տեսլականը: