Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտուլահիան Չորեքշաբթի օր այցելեց Թուրքիա՝ քննարկելու տարածաշրջանային հարցեր, այդ կարգին՝ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակը։ Այս մասին հաղորդագրութիւն  զետեղուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց Նախարարութեան համացանցային X հարթակին վրայ։
«Կ’ակնկալուի, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան իրանցի գործընկերոջ հետ քննարկէ օրակարգային տարածաշրջանային հարցեր, մասնաւորապէս՝ Պաղեստինի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Իրան երկկողմ յարաբերութիւնները», ըսուած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  հաղորդագրութեան մէջ։