Թուրքերը Ամարասի մէջ պղծած են հայոց առաջին կաթողիկոս Գրիգոր Լուսաւորիչի թոռան տապանաքարը։ Այս մասին  թելեկրամի իր էջին գրած է  քաղաքագէտ Էտկար Էլբակեան:
«Իսկ մարդիկ կը զարմանան, որ պատմութեան դասագիրքերը վատ են, ազգային չեն։
Թշնամիին ծրագիրները կ’իրականացուին ինչպէս գետնի վրայ՝ ֆիզիքական կեանքի մէջ, այնպէս ալ սուրբերու նկատմամբ՝ հոգեւոր կեանքի մէջ։
Ինչո՞ւ իշխանութիւն մը, որ թշնամիին  յանձնած է Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ հիմնուած առաջին դպրութեան վայրը՝ Ամարասը, ուր ամփոփուած են առաջին կաթողիկոսի թոռան մասունքները, թոյլ պիտի տայ, որ հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւն առարկան դասաւանդուի կամ ազգային պատմութեան այլ դրուագներ դասաւանդուին։
Չէ՞ որ այդ պարագային հարց կը յառաջանայ՝ «Թէ ի՞նչ եղաւ, ո՞ւր կորսուեցաւ այս ամէնը»։
Կը յիշէ՞ք, պոլշեւիկեան շրջանի դասագիրքերը ինչպէս կը շրջանցէին ազգային ղեկավարներուն դերը պատմութեան մէջ եւ ամէն ինչ կը վերագրէին ժողովրդական զանգուածներուն։ Հակառակը ընելու պարագային հարց կը յառաջանար, թէ ինչպէ՛ս, ուրկէ՛ եւ ի՛նչ գումարներու հաշուոյն յառաջացաւ պոլշեւիկեան ղեկավարութիւնը՝ ոչնչացնելով ամբողջ ռուսական կայսրութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը։
Նոյն ձեւով ալ Հայաստանի տէ-ֆաքտօ իշխանութիւնները, թշնամիին հետ ձեռք ձեռքի տուած, պիտի ջանան ամէն ձեւով խեղաթիւրել  հայոց պատմութիւնն ու հայկական հետքերը, որպէսզի հարց չծագի, թէ ինչպէ՛ս եղաւ, որ իրենց իշխանութեան ընդամէնը 5 տարուան մէջ թշնամին տիրացաւ ամբողջ Արցախին, ուր 5000 տարի հայեր կ’ապրէին։
Ասիկա պիտի տեւէ այնքան ատեն որ Հայաստանի մէջ կը բացակայի ազգային իշխանութիւնը…», գրած է ան: