Իսրայէլ հրթիռակոծեց հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջանները՝ ֆոսֆոր պարունակող միջազգայինօրէն արգիլուած հրթիռներով։
Լիբանանեան ազգային լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Ռամիա, Աիթա ալ Շաապ եւ Լապպունէ շրջանները հրթիռակոծման ենթարկուեցան լիբանանեան-պաղեստինեան սահմանային շրջանին մէջ գտնուող իսրայէլեան կեդրոններէ։