Դամասկոսի մէջ սուրիական զինեալ ուժերու սպայակազմի ակումբէն ներս տեղի ունեցած սուրիական-ռուսական միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, սուրիական բանակը ներկայացուց ռուսական օդուժին գործակցութեամբ իրագործած զինուորական գործողութիւնները, ի պատասխան՝ 5 Հոկտեմբերին Հոմսի ռազմական համալսարանի շրջանաւարտ սպայակազմի հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին, որուն հետեւանքով տասնեակ նահատակներ եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան։
Սուրիական բանակի քաղաքական վարչակազմի տնօրէն Հասան Սուլէյման յայտնեց, որ սուրիական-ռուսական միացեալ գործակցութիւններուն հետեւանքով զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն թաքստոցներն ու կեդրոնները քանդուեցան եւ «Թահրիր ալ-Շամ», «Թուրքստանի Իսլամական Կուսակցութիւն» եւ այլ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներէն հարիւրաւոր անդամներ սպանուեցան։
Յիշեալ զինուորական գործողութիւններուն հետեւանքով ահաբեկչական խմբաւորումներ լուրջ վնասներ կրեցին եւ սկսան օգնութիւն աղերսել իրենց ղեկավարներէն:
Դամասկոսի եւ յարակից շրջաններու ռուսական կարգաւորման կեդրոնի նախագահ Վատէմ Քոլէթ յայտնեց, որ սուրիական-ռուսական միացեալ զինուորական գործողութիւնները ընդգրկեցին ռուսական օդանաւերու կողմէ աւելի քան 230 օդային յարձակումներ, իսկ սուրիական-ռուսական թնդանօթներով աւելի քան 900 ահաբեկչական կեդրոններ հրթիռակոծուեցան, սպանուեցան 630 ահաբեկիչներ, ներառեալ 34 ղեկավարներ, 15 օտար մասնագէտներ, արձանագրուեցան  նաեւ 450 վիրաւոր եւ 1125 կեդրոններու եւ զինապահեստներու թիրախաւորում։