Պաքուի զինուորական դատարանը Վագիֆ Խաչատրեանը դատապարտեց 15 տարուան բանտարկութեան:

Պաքուի զինուորական դատարանի դատաւոր Զեյնալ Աղաեւի նախագահութեամբ տեղի ունեցած դատական նիստին ընթերցուած է դատավճիռ, որուն համաձայն, Խաչատրեան դատապարտուած է 15 տարուան բանտարկութեան։

Ատրպէյճան Վագիֆ Խաչատրեանը մեղադրած է «Խոջալուի շրջանի Մէշալի գիւղին մէջ ապօրինի հայկական զինեալ խմբաւորումներու կազմին հետ ցեղասպանութիւն իրականացնելու յանցանքով»: