Կազզայի տեղեկատուական գրասենեակը զգուշացուց Իսրայէլը Կազզայի հիւանդանոցները հրթիռակոծելէ, կոչ ուղղելով ՄԱԿ-ին եւ Կարմիր Մահիկի միջազգային յանձնախումբին պաշտպանելու Կազզայի հիւանդանոցները եւ ՄԱԿ-էն յանձնախումբ մը ուղարկելու՝ հիւանդանոցներուն իրավիճակը մօտէն ստուգելու համար։

Գրասենեակի նախագահ Սալամէ Մաարուֆ յայտնեց, որ ապահով շրջաններու եւ հիւանդանոցներու վրայ իսրայէլեան իրարայաջորդ յարձակումները պիտի ստեղծեն «Մաամատանի» հիւանդանոցէն ներս Իսրայէլի ի գործ դրած ջարդին պատկերը։

Մաարուֆ ըսաւ. «Խստիւ կը դատապարտենք իսրայէլցի տասնեակ բժիշկներու Կազզայի «Շիֆաա» բժշկական կեդրոնը քանդելու պահանջը, որ զուգադիպեցաւ Իսրայէլի սպառնալիքներուն եւ նախորդ գիշեր Կազզայի հիւանդանոցներուն շրջակայքը անոր օդանաւերու իրագործած օդային յարձակումներուն։
Մաարուֆ աւելցուց, որ յիշեալ արարքը կը շեշտէ անգամ մը եւս Իսրայէլի ոճրային մտայնութիւնը, յատկապէս իսրայէլեան կառավարութեան մէջ նախարարի մը Կազզան հիւլէական ռումբերով հրթիռակոծելու կոչը։