Կազզայի հիւանդանոցներու ընդհ. տնօրէն Մուհամմէտ Զաքքութ շեշտեց, որ իրավիճակը օր ըստ օրէ կը բարդանայ, իսկ հիւանդներուն եւ վիրաւորներուն կարիքները ապահովելը գրեթէ անկարելի կը դառնայ, որովհետեւ իսրայէլեան գրոհին հետեւանքով բազմաթիւ վիրաւորներ կ՚արձանագրուին օրական եւ Իսրայէլ կը խափանէ դեղորայքի, բժշկական պիտոյքի եւ վառելանիւթի հասանելիութիւնը հիւանդանոցներ։
Զաքքութ զգուշացնելով ըսաւ, որ մօտ օրէն Կազզայի բոլոր հիւանդանոցները կրնան դադրիլ գործելէ, որովհետեւ վառելանիւթը սպառած է եւ պահեստային ելեկտրածին գործիքները դադրած են։ Ան աւելցնելով ըսաւ, որ Իսրայէլ մարդկային իրավիճակը բարդացնելու համար թիրախ կը դարձնէ «Շիֆաա» հիւանդանոցի շրջակայքը գտնուող արեւային կենսուժի համակարգը, միաժամանակ խափանելով վառելանիւթի հասանելիութիւնը։