«Նահատակներ՝ Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» կարգախօսին հիման վրայ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա 3 Նոյեմբերի ժամը 3:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ողջունեց բոլոր նահատակները:
Իր խօսքը ուղղելով Կազզայի, Այսրյորդանանի եւ Լիբանանի նահատակներուն ընտանիքներուն՝ սէյիտ Նասրալլա շնորհաւորեց անոնց հարազատներուն նահատակութիւնը՝ ընդգծելով, որ նահատակութիւնը աստուածային շքանշան է:
Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ «Աքսայի Հեղեղ»-ի բոլոր նահատակներուն՝ հաստատելով, որ քանի մը օրէն «Նահատակի օր»-ուան տօնակատարութեան առիթով աւելի ընդարձակ պիտի անդրադառնայ այդ նիւթին:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց, որ Կազզայի մէջ ընթացող կռիւը մարդկային, կրօնական, բարոյական եւ օրինական իմաստով ամէնէն մաքուր պայքարը կը նկատուի, որովհետեւ անիկա հայրենիքին ու հողին համար մղուած պայքար է:
«Կազզայի մէջ մղուող պատերազմը գոյութենական պայքար է, եւ մեր ուժը մեր կամքին, պատրաստակամութեան, զոհողութեան եւ Պաղեստինեան դատին հանդէպ յանձնառութեան ու նուիրումին մէջ է: Պաղեստինցի ժողովուրդը առասպելական ժողովուրդ մըն է, որ նուիրուած է իր Դատին եւ քաջ կերպով Դիմադրութեան ու Աքսային կը նուիրաբերէ ինքզինք», ըսաւ ան:
Իսրայէլի վրայ այդ գործողութեան ունեցած ազդեցութեան մասին իր անդրադարձին մէջ սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այդ գործողութիւնը ապահովական, զինուորական, քաղաքական, հոգեբանական եւ բարոյական ազդեցութիւն ունեցած է Իսրայէլի վրայ: «Այս գործողութիւնը ռազմավարական եւ պատմական իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Իսրայէլի ներկային ու ապագային վրայ», շեշտեց ան՝ աւելցնելով, որ Իսրայէլ իսկապէս սարդոստայնէ մը աւելի դիւրաբեկ է, «եւ վերջերս իսրայէլեան հանրային կարծիքը սկսած է այդ մասին խօսիլ եւ ինձմէ աւելի հաստատել այս իրողութեան մասին», յայտնեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգները իրենց նախագահով, նախարարներով եւ զինուորականներով փութացին օժանդակելու եւ շունչ տալու Իսրայէլին, որ ուշքը կորսնցուց: «Իսկ գործողութենէն ետք, Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն նոր հրթիռներ, զինամթերք եւ նիւթական 10 միլիառի օժանդակութիւն պահանջեց: Ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ, որ Իսրայէլ հզօր երկիր մըն է, եթէ այդ բոլորին պէտք ունեցաւ առաջին իսկ օրէն: Այս բոլորին կողքին Եւրոպան եւ Արեւմուտքը զօրակցութիւն յայտնեցին Իսրայէլին», ըսաւ ան:
«Լիբանանի հանդէպ թշնամի Իսրայէլի վարուելակերպէն կախեալ է ամէն ինչ: Հարաւային Լիբանանի մէջ բոլոր կարելիութիւնները առկայ են, բոլոր ընտրանքները՝ բաց: Հետեւաբար յաջորդ հաւանականութիւններուն պէտք է պատրաստ ըլլալ», յայտնեց ան: