Երեւան, «Երկիր». – Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կատարած յայտարարութեան մէջ «Հայաստանը Ատրպէյճանին չէ փոխանցած ատրպէյճանական 8 գիւղեր, որոնք մինչեւ օրս կը գտնուին բռնագրաւումի տակ»։
Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններէն վերջ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման մեծ կարելիութիւններ ստեղծուած են։
«Այս բարենպաստ պայմաններու լոյսին տակ Ատրպէյճան, հաւատարիմ ըլլալով երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու վերաբնակեցման՝ Հայաստանին կոչ կ’ուղղէ կառուցողական եւ արդար դիրքորոշում ցուցաբերել խաղաղ գործընթացով եւ ճիշդ ըմբռնել տարածաշրջանային իրողութիւնները։ Հայկական կողմը պէտք է վերջապէս գիտակցի, որ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան ու գործակցութեան այլընտրանք չկայ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Ատրպէյճանական կողմը նշած է, թէ հակամարտութեան աւարտէն վերջ իրենք իբրեւ թէ հանդէս եկած են յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան գործընթացի օգտին, բայց «Հայաստանն ընտրած է խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները խոչընդոտելու ուղին»:
«Հայկական կողմը, ի հեճուկս իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն, ոչ միայն Ատրպէյճանի տարածքէն դուրս չէր բերած իր զինեալ ուժերը, որոնք տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հիմնական սպառնալիքն էին, այլեւ շարունակած է անոնց նիւթական եւ տնտեսական աջակցութիւն տրամադրել, չէ դադրեցուցած զէնքի, զինուորական ձեւաչափի եւ ականներու ապօրինի տեղափոխումը Ատրպէյճանի տարածք: Հայաստանը Ատրպէյճանին չէ փոխանցած նաեւ ատրպէյճանական 8 գիւղերը, որոնք մինչ օրս կը գտնուին բռնագրաւումի տակ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։