ԵՊՀ Պատմութեան հիմնարկի Ֆրիտիոֆ Նանսէնի անուան լսարանին մէջ Հայաստանի Ֆրիտիոֆ Նանսէն հիմնարկ-հիմնադրամի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Նանսէնի Անուան» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը։ Գրեթէ ամէն տարի Հայաստանի Ֆրիտիոֆ Նանսէն հիմնարկ-հիմնադրամը Նանսէնի ոսկեայ յուշամետալներով կը պարգեւատրէ Հայ Դատի հետապնդման ոլորտին մէջ ներդրում ունեցած անհատներ։

Akunq.net-ի համաձայն, այս տարուան մրցանակակիրներն էին հայ բանաստեղծ, լեզուաբան, գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, ԵՊՀ դոցենտ Թադէոս Տոնոյեան, հայ երգահան, կիթառահար, նկարիչ, ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Մարթին Ահարոնեան եւ Հայաստանի մէջ մշտական բնակութիւն հաստատած սփիւռքահայ մտաւորական, Սուրիոյ մէջ հրատարակուող «Գանձասար» հայկական շաբաթաթերթի նախկին խմբագիր, թարգմանչուհի Մարի Մերթխանեան-Եարալեան։

Նախաձեռնութեան ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկած ԵՊՀ Պատմութեան հիմնարկի դեկան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Էտիկ Մինասեան ներկաներուն յիշեցուց մեծ մարդասէր Ֆրիտիոֆ Նանսէնի հայանպաստ գործունէութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ Մեծ Եղեռնէն անմիջապէս յետոյ։ Ան նաեւ արձանագրեց, որ այդ լսարանին մէջ 1925 թ․ ԵՊՀ-ի ղեկավարութիւնը Նանսէնին շնորհած էր պատուաւոր դոկտորի կոչում։

Ֆրիտիոֆ Նանսէն հիմնարկ-հիմնադրամի նախագահ Ֆելիքս Բախչինեան իր ելոյթով անդարադարձաւ նանսէնեան անձնագիրին, որ որպէս անձը հաստատող ժամանակաւոր փաստաթուղթ՝ տրուած էր Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայ գաղթականներուն։ Յիշեցնենք, որ 1922-ին Ժընեւ հրաւիրուած Ազգերու Միութեան Համաժողովի ընթացքին հայ գաղթականութեան հարցը բարձրացած էր Ֆ․ Նանսէնի կողմէ։ «Նանսէնեան անձնագիր» ստացած արեւմտահայերը օգտուած են վերոնշեալ համաժողովին մասնակցած երկիրներուն մէջ բնակելու, ազատ տեղաշարժի իրաւունքէն․ անոնց նկատմամբ դադրած են գործել քաղաքացիութիւն չունեցողներուն համար նախատեսուած սահմանափակումները։ Ֆ․ Նանսէնի նախաձեռնութեամբ օրինական ուժ ստացած այդ անձնագիրներէն ստացած ու Մեծ եղեռնէն փրկուած է 320 հազար հայ։

Ֆրիտիոֆ Նանսէն հիմնարկ-հիմնադրամը Նանսէնի ոսկէ մետալներ կը շնորհէ մեծ մարդասէրի ծննդեան օրը՝ 10 Հոկտեմբերին։ Այս տարուան մրցանակակիրներէն Թադէոս Տոնոյեան եւ Մարթին Ահարոնեան ոսկէ մետալին արժանացած էին մասնաւորապէս Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով «Սուրբերու Աչքեր» երգին համար (խօսքի հեղինակ՝ Թ․ Տոնոյեան, երաժշտութիւնը՝ Մ․ Ահարոնեանի), իսկ Մարի Մերթխանեան-Եարալեան՝ ԱՄՆ-ի մէջ բնակող արեւմտահայ յուշագիր Ֆերման Թորոսլարի «Աքսոր․ Ապստամբութեան Բովէն Անցած Մութքեցի Հայ Ընտանիք Մը» յուշագրութեան հայերէնի թարգմանութեան համար։

Մրցանակակիրներուն շնորհակալութեան խօսքէն բացի՝ ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ ՀՀ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն․ Գ․ Նորա Արիսեան, որ մասնաւորապէս ընդգծեց նման ձեռնարկներուն կարեւորութիւնը՝ Հայկական հարցին եւ Հայ Դատին ի նպաստ տարուող աշխատանքները շարունակական դարձնելու եւ մտաւորականներուն խրախուսելու առումով։

Մելինէ Անումեան