Կազզայի դէմ իսրայէլեան գրոհը թեւակոխեց երկրորդ ամիսը։  Մարդկային իրավիճակը օր ըստ օրէ կը բարդանայ։

Կազզայի հիւանդանոցներու ընդհանուր տնօրէն Մուհամմէտ Զաքքութ յայտնեց. «Իսրայէլեան յարձակումներուն եւ վառելանիւթի չգայութեան հետեւանքով 18 հիւանդանոց ծառայութենէ դուրս եկաւ, իսկ մնացած հիւանդանոցներուն իրավիճակը աղիտալի է։ Անոնք ջուրի, դեղի եւ սնունդի սուր տագնապ կը դիմագրաւեն»։

Կազզայի բոլոր փուռերը աշխատանքէ դադրած են՝ ալիւրի եւ վառելանիւթի չգոյութեան պատճառով։

Իսրայէլեան գրոհին հետեւանքով ցարդ արձանագրուած է 10.300 նահատակ եւ 26.000 վիրաւոր։