ՄԱԿ-ի մարդասիրական ՕնՐՈՒԱ գործակալութիւնը յայտնեց, որ Կազզայէն բռնի տեղահանուածներուն թիւը անցաւ 1,5 միլիոնը։

Գործակալութեան արտաքին յարաբերութեան տնօրէնուհի Թամարա Ռաաֆիի յայտնեց, որ 7 Հոկտեմբերէն ի վեր Կազզայի բնակիչներուն աւելի քան 70%-ը տեղահան դարձած է։

Ան աւելցուց. «ՕՆՐՈՒԱ-ն կարողութիւն չունի բոլոր ապաստաններուն հասնելու եւ օգնութեան ձեռք երկարելու, ինչպէս նաեւ տեղեակ չէ անոնց կարիքներէն»։ Ռաաֆիի շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի ապաստաններուն իրավիճակը աղիտալի է եւ  մարդկային բնակութեան յարմար չէ։