19-20 Սեպտեմբերի զինուորական յարձակումին հետեւանքով Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած 16 անձերու, այդ կարգին՝ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն, զինուորականներուն եւ խաղաղ բնակիչներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցուած են անոնց ընտանիքներուն։
Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչի խօսնակը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռային կայանին փոխանցեց, որ գերեվարուած անձերու հարազատներուն տրամադրուած են անոնց առողջական վիճակին, կեցութեան պայմաններուն մասին տուեալներ, ինչպէս նաեւ անոնց լուսանկարները։
Այդ տուեալները Հայաստանի ներկայացուցիչը ստացած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) միջոցով։ Միջազգային դատարանը Հայաստանի խնդրանքով դիմած է Ատրպէյճանին, Պաքուն ալ գերեվարուած անձերուն մասին տուեալներ փոխանցած է ՄԻԵԴ-ին։
Թէ արդեօ՞ք 16 գերիները խոշտանգուած են, արդեօ՞ք անոնց իրաւունքները կը պաշտպանուին, առողջական հարցեր ունի՞ն, թե ոչ՝ այս հարցերուն շուրջ ցարդ տեղեկութիւններ չեն տրամադրուիր։
Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչի խօսնակ Յասմիկ Սամուէլեան ըսաւ, որ այժմ առարկութիւններու փուլն է։ Այսինքն, եթէ հայկական կողմը գերիներուն առնչուող ստացուած տուեալներուն հիման վրայ մարդու իրաւունքներու խախտումներ արձանագրէ, առարկութիւնները կը ներկայացնէ միջազգային դատարանին։