ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարները 8 Նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ անվտանգութեան առնչուող հարցեր քննարկեցին:
Այս մասին հաղորդեց Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութիւնը:
«8 Նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու տարեկան հանդիպումը:
«Քննարկուեցան ԱՊՀ տարածքին մէջ շրջանային անվտանգութեան ներկայ հարցերը, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ երկիրներու գործնական համագործակցութեան առնչուող օրակարգեր», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան չէ մասնակցած Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին: