Աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու պրիսմակին մէջ Ռուսիա-արեւմտեան երկիրներ արիւնալի բախումը ընդլայնելու կամ այլ տարածքներ տեղափոխելու ճիգը երեւելի դարձած է արդէն:
Ուքրանիոյ պատերազմէն որոշ ժամանակ անց, ռուսական ուժերու սպառման միտումով մարտավարական փորձ կատարուեցաւ բախումները ուղղելու Հարաւային Կովկաս, որպէսզի թէ՛ ռուսական ներկայութիւնը սահմանափակուի, թէ՛ Ռուսիոյ ուժերը տարտղնուին երկու ճակատներու վրայ բաժնուելով, եւ թէ Իրանը ներգրաւուի բախումներու մէջ՝ Ատրպէյճանի օգտագործումով եւ զինումով, Իրանի մէջ խլրտումներու խթանումով եւ մասամբ նորին:
Ռուսիա ոչ միայն չհեռացաւ Ուքրանիայէն, այլեւ հաճոյացաւ Ատրպէյճանին, Արցախի մէջ իր ներկայութիւնը զիջեցաւ անոր, փոխարէնը ռուսական կազը Ատրպէյճանի ճամբով յաջողեցաւ արտածել Եւրոպա, մասամբ մեղմացնելով արեւմուտքի տնտեսական շրջափակումը Ռուսիոյ: Միւս կողմէ Իրան այնքան ճկունութեամբ վարեց տարածաշրջանի երկիրներուն հետ իր քաղաքականութիւնը, միաժամանակ ուժի ցուցադրութեան յստակ սպառնալիքները ուրուագծեց, որ կարելի չեղաւ Արցախի պատերազմին տարածքը ծաւալել ու Հարաւային Կովկասը բռնկեցնել ի նպաստ արեւմուտքին:
Այս տարածաշրջանի զոհը դարձաւ Արցախը:
Պաղեստինի մէջ բռնկած պատերազմը արեւմուտքի, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու ուշադրութիւնը մասամբ Ուքրանիայէն ու Հարաւային Կովկասէն ուղղեց դէպի Միջին Արեւելք:
Միացեալ Նահանգներ այս անգամ Իսրայէլին զինուորական օժանդակութեան փութալու ստիպողութեան տակ յայտնուեցաւ: Այսպիսով գերպետութիւններու բախումներուն ճակատը տարածք փոխեց, իսկ Միջին Արեւելքի մէջ արաբական երկիրներու միասնական կեցուածքով արեւմուտքի կանխատեսումները այնքան ալ ճիշդ դուրս չեկան:
Այս անգամ Կազզայի բնակչութիւնը հազարաւոր զոհեր տուաւ ու տնտեսական սոսկալի վնասներ կրեց, պայքարելու իր վճռակամութիւնը պահելով մէկտեղ:
Ներկայ ընթացքով հաւանաբար տարբեր ճակատներու վրայ ստորագրուին զինադադարներ, ժամանակաւորապէս մեղմացնելու լարուած վիճակներն ու վերադասաւորելու ուժերու սպառազինութիւնը, վերահաշուարկներ կատարելու կամ փոխելու թիրախները:
Այս կացութենէն սակայն առաւելագոյն օգուտը կրնան քաղել միջնորդ ձեւացող կարգ մը երկիրներ, ինչպէս Թուրքիան, որ ամէն ջանք ի գործ կրնայ դնել ծաւալապաշտական իր ծրագիրները յառաջ մղելու:
Նման կացութիւններու լոյսին տակ ինչպէս Հայաստան, այնպէս ալ Սուրիա դիւանագիտական եւ զինուորական իրենց կարելիութիւններու ուժեղացումով կրնան պաշտպանուիլ իրենց տարածքներու ամբողջականութեան սպառնացող ու նման վիճակներէ օգտուիլ փորձող երկիրներէ:
Իսկ Արցախի էջը փակուած չէ տակաւին… որովհետեւ Արցախի բնակչութիւնը բռնի տեղահանուեցաւ իր պատմական հայրենիքէն ու ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ: