Պաղեստինեան Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Կազզայի «Շիֆաա» բժշկական կեդրոնի աղիտալի վիճակը օր ըստ օրէ կը սաստկանայ։ Այնտեղ ո՛չ դեղորայք կայ, ո՛չ սնունդ, ո՛չ ջուր, ո՛չ վառելանիւթ։ Այս բոլորին հետ մէկտեղ ՄԱԿ-ը եւ միջազգային կազմակերպութիւնները անհրաժեշտ կարիքները չեն ապահովեր եւ իսրայէլեան գրոհը դադրեցնելու գծով որեւէ քայլ չեն առներ։
Նախարարութիւնը ըսաւ. «7 վատառողջ քաղաքացի նահատակուեցաւ թթուածինի չգայութեան պատճառով։ Կեդրոնի ծառայութեան կասեցման հետեւանքով նահատակներուն թիւը հասաւ 20-ի»։
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ 36 նորածին փոքրիկի կեանքը վտանգի տակ է, որովհետեւ անոնք սաստիկ խնամքի կարիք ունին։

Նախարարութեան համաձայն, Իսրայէլ կեդրոնը պաշարած եւ հրթիռակոծման թիրախ դարձուցած է։