Ժողովրդավար քոնկրէսական Ատամ Շիֆ բանաձեւ ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատին, որով պահանջած է Պաքուէն անյապաղօրէն ազատ արձակել հայ ռազմագերիները, գերեվարուած քաղաքացիական անձերը եւ քաղաքական բանտարկեալները՝ Արցախի կառավարութեան պաշտօնեաները, որոնք ապօրինաբար կալանաւորուած են անցեալ ամիս Ատրպէյճանի ցեղային զտումներու ժամանակ, հաղորդած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ( ANCA):

Բանաձեւը, մասնաւորապէս, կոչ ուղղած է Պայտընի վարչակազմին պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի պետական պաշտօնեաներուն նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են հայ ռազմագերիներու անօրինական կալանաւորման, խոշտանգումներու եւ արտադատական սպանութիւններու համար: