Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանի ընթացակարգը աւարտելէ ետք, ծնողքիս փափաքով ու տնօրինութեան ընդառաջելով մեկնեցայ Լիբանան՝ Պէյրութ, ու դարձայ գիշերօթիկ աշակերտ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի միջնակարգի բաժինին (1970-1975):
Ցայսօր, շատ լաւ կը յիշեմ, որ Հոկտեմբերի Շաբաթ օր մըն էր, եւ հօրս հետ միասին միջօրէէն առաջ հասանք Պէյրութ ու իջեւանեցանք մօրաքրոջս՝ Շաքէ Բատոյեանին տունը. Շաքէ մօրաքոյրս եւ Եդուարդ քեռայրս երկուքն ալ դասատուներ էին, իրենց տան ճիշդ դիմացը գտնուող Ն. Փալանճեան Ճեմարանին մէջ, ուր պիտի ուսանէի:
Կէսօրէ ետք մօրաքրոջս տղուն՝ Հրաչին հետ գացինք նոյն թաղին վերնածայրը գտնուող ՀՄԸՄ-ի ակումբ (արեւմտեան Պէյրութ, քաղաքի ակումբ):
Ինծի համար ամէն ինչ նոր ու տարօրինակ էր:
Պէյրութի հայորդիներուն հետ առաջին շփումս հոն՝ ՀՄԸՄ-ի ակումբին մէջ եղաւ:
Ակումբի պիւֆէն բանեցնողը («հայրիկը»), համագիւղացիս՝ Ռուբէն Պապուճեանն էր, Գարատուրան գիւղի Ծովու թաղէն, իսկ տիկինը ազգականս էր:
Այստեղ կ’ուզեմ նշել որ ակումբին թաղը համարեա՛ զուտ հայաբնակ էր:
Այդ թաղին մէջ կը բնակէին գրագէտ՝ Մուշեղ Իշխան, Ճեմարանի տնօրէն պրն. Հրաչ Տասնապետեան, Ազգ. Խանամիրեան Գոլէժի տնօրէն պրն. Եդուարդ Էլոյեան, ազգային ու կուսակցական գործիչ Վարանդ Փափազեան… եւ շատ-շատ ուրիշ մտաւորականներ, կարկառուն անձնաւորութիւններ…
Կարճ ժամանակ մը ետք անդամագրուեցայ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի սկաուտական շարքերուն ու մաս կազմեցի երկրորդ միաւորի 3-րդ խումբին, որուն խմբապետն էր եղբ. Գառնիկ Նազարէթեան (այժմ ԱՄՆ): Նորընծայ սկաուտ, ապա փոխխմբակապետ ու խմբակապետ՝ «Վագր» խմբակին:
Իմ խմբակակիցներէն էին Գրիգոր Դերձակեան (այժմ Քանատա, Զաւէն Թորիկեան (Զաւուկ անունով ճանչցուած), այժմ Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիր:
Կը յիշեմ որ մեր՝ երկրորդ միաւորի խմբապետն էր եղբ. Շահէ Ենիգոմշեան, առաջին միաւորի խմբապետն էր եղբ. Բաբիկ (Բաբգէն) Տատոյեան, իսկ Պէյրութի միաւորներուն ընդհանուր խմբապետն էր եղբ. Ճոնի Արեւեան, որուն յաճախ տեսնելու առիթ կ’ունենայի ամէն Շաբաթ օրերը, Զոգագ ալ-Պլաթի ակումբը, երբ «Բաբգէն Սիւնի» Պատանեկան Միութեան ժողովի կ’երթայի, ան երեսփոխանական հայկական պլոքի գրասենեակի գործավարն էր:
Բախտը ունեցայ մասնակցելու ՀՄԸՄ-ական երկու բանակումներու. մին ակումբին մէջ, ձմեռնային շրջանին, իսկ երկրորդը՝ Պիքֆայիայի. մօտերը, Հաճ Իլիաս կոչուած անտառային վայրին մէջ, գարնան շրջանին:
Տարին մէկ անգամ, մեր Պէյրութի սկաուտական կազմը կ’ունենար տողանցք, մեկնելով ակումբէն դէպի վար՝ Ճեմարանի հարաւային պատին թաղէն, ապա արեւմտեան՝ մուտքի ցանկապատի առջեւէն անցնելով, մօտակայ թաղով շրջան ընելով, սկաուտական քայլերով կը վերադառնայինք ակումբ՝ եղբ. Վիգէնին թրոմփէթի նուագներով (ափսոս մականունը չեմ յիշեր):
Ափսոս սակայն, 1975-ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը խափանեց ամէն բան. ուսումս, ԼԵՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի անդամակցութիւնս ու գործունէութիւնս…
Հարկադրուած լքեցի Լիբանանը, տեղափոխուեցայ Սուրիա ու յաճախեցի Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան՝ որպէս երկրորդականի աշակերտ։ Ճեմարանը աւարտելէ ետք հետեւեցայ Հալէպի Պետական Համալսարանի Քիմիագիտութեան ճիւղը ու աւարտեցի զայն:
Հալէպի մէջ պայմանները թոյլ չտուին որ շարունակեմ Յովհաննէս Հինդիլեանի եւ Շաւարշ Քրիսեանի փաղանգին գծած՝ ՀՄԸՄ-ի ճանապարհը:
Սակայն հեռու չմնացի ՀՄԸՄ-էն. Հալէպի՝ Թիլէլի ակումբը, կամ Ազիզիէ թաղի ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտ-ակումբ-պարտէզը (ճաշարան), յաճախ կը հանդիպէի ՀՄԸՄ-ական եղբայրներուն, որոնց մէջ ունէի բազմաթիւ դասընկերներ, ըլլան անոնք սկաուտներ թէ մարզիկներ…
Ու արեւշատ օր մը իմացայ, որ շուտով պիտի կազմուի ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, որուն երթը խափանուած էր 1958-ին՝ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի միութեան տարին:
Ուրախութիւնս աւելի մեծ էր, երբ լսեցի որ փողերախումբը կազմուած է եւ հիմնական ու կարեւոր փորձերը՝ աւարտած են:
ՀՄԸՄ-ի Ազիզիէի դաշտին (պասքեթպոլի) մէջ պիտի կայանար խումբին անդրանիկ ելոյթը՝ հանրութեան առջեւ:
Այստեղ մէջբերեմ որ Ազիզիէի համալիրին մէջ կային քանի մը սենեակներ, սկաուտական թէ մարզական գործունէութիւններուն համար: Իսկ այնտեղի ճաշարան՝ պարտէզը. այդպէս ճանչցուած ու կոչուած էր, որովհետեւ ճաշասեղանները իրարմէ բաժնուած էին ծաղկանոցներով, իսկ ծաղիկներ խնամողը՝ պարտիզպանը, արդէն իր կեանքին ձմրան մտած, գուցէ 80-ը անց, կզած հասակով, կարծես երկուքի վերածուած Ամօ Յակոբն էր, որ յաճախ պոռչտուքներով կը բարկանար բոլոր անոնց, որոնք կը համարձակէին ձեռք ու ոտք երկարել ծաղիկներուն: Ան հոն, փոքր սենեակի մը մէջ կը բնակէր ու կարծեմ ընտանիք ու կողակից չունէր:
Որոշուած օրը փութացի ՀՄԸՄ-ի պարտէզ:
Նորակազմ փողերախումբի անդամները իրենց սկաուտական անթերի տարազներով այնտեղ էին: Երէց՝ վեթերան եղբայրները գրաւած էին ետեւի շարքերը: Անոնց տարիքները 50-էն վեր էին անկասկած, թէեւ 1958-էն առաջ բանող փողերախումբին երիտասարդ անդամներն էին:
Երէցները առջեւի շարքերը զիջած էին երիտասարդ, նոր նուագողներուն:
Փողերախումբի շարքերուն դիմաց, դաշտին ճիշդ մէջտեղը զետեղուած էր պարտէզ-ճաշարանին պատկանող երկաթեայ սեղան մը, որուն հոն գտնուիլը տարօրինակ կը նկատուէր ներկաներուն, հանդիսատեսներուն, արդեօ՞ք սխալմամբ հոն բերուած էր… անհասկնալի էր:
Երէց նուագողներէն, ՀՄԸՄ-ի հաստաբուն կաղնիներէն կը յիշեմ հետեւեալները.
Եղբ. Փիէռ Քիլոյեան. թրոմփէթահար: Ան հանրածանօթ ոսկերիչ էր Հալէպի մէջ: Մեր գիւղին՝ Քեսապի մէջ ունէր համեստ բնակարան եւ հողաշերտ մը: Հօրս վաճառատան հաւատարիմ յաճախորդներէն էր: Բարտիի չափ բարձրահասակ կը թուէր ինծի:
Եղբ. Խաչիկ Գաբրիէլեան: Արտաքին երեւոյթով իսկապէս հաստաբուն մարմին մը ունէր. ցցուած փորին վրայ ամրօրէն հանգչեցուցած կ’ըլլար ամենամեծ թմբուկը: Հալէպի մէջ հռչակ ունէր որպէս ճզմուած ինքնաշարժներու ծռմռած պատեանները նորոգող:
Եղբ. Սեդրակ Քիլոյեան: Երէցներուն հաւանաբար երիցագոյնն էր: Ան ստանձնած էր պղնձեայ ծնծղաները իրար խփելու պարտականութիւնը: Վարպետ արհեստաւոր, որպէս տուներու պատշգամներու կամ վաճառատուներու վարագոյրներ պատրաստող:
Եղբ. Եղիա Բանոյեան: Փողահար էր: Երիտասարդ տարիքին զբաղած էր մարմնամշակութեամբ եւ արժանացած մրցանակներու: Հմուտ-վարպետ նորոգող՝ մազութով բանող ջրհան մեքենաներու: Յաճախ կը մեկնէր հեռաւոր շրջաններ, հասնելով մինչեւ Եփրատի ափեր:
Եղբ. Տիգրան Ժամկոչեան: Ան ծանօթ էր իր ծածկանունով՝ «լահմանաճունճի Տիգրան», որովհետեւ այդ մէկուն պատրաստութեան թէ վաճառման խանութ ունէր: Վարպետ թրոմփէթիստ. յառաջիկային ինք ստանձնեց փողերախումբին ղեկավարութիւնը:
Եղբ. Գօգօ Պզտիկեան: Վարպետ թրոմփէթիստ:
Եղբ. Խորէն Նազարեան: Երկար ժամանակ Սուրիոյ Շրջանային խմբապետ: Տնային կահկարասիներու վաճառատուն մը ունէր Ազգային Առաջնորդարանին կից:
Անշուշտ կային նաեւ ուրիշներ, որոնց անծանօթ էի:
Յառաջիկային ինծի ծանօթ դարձան փողերախումբի յանձնախումբին անունները, որոնք եւս ՀՄԸՄ-ի կաղնիներէն էին: Աւելորդ չեմ գտներ անոնց անունները եւս մէջբերել:
Այսպէս՝ եղբ. Յովհաննէս Արապաճեան (ատենապետը յանձնախումբին), եղբ. Մովսէս Քէօշկէրեան, եղբ. Ալեքսան Իսկէնտէրեան, եղբ. Յովսէփ Տէր Մանուէլեան եւ եղբ. Յարութիւն Պարսամեան (յուսամ որեւէ մէկը չմոռցայ):
Անոնք ոչ միայն ՀՄԸՄ-ի տիտաններէն էին, այլեւ իրենց կեանքի պատմութիւնը մաս կը կազմէր Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի պատմութեան:
Դաշտին վրայ կը շտապէին խմբապետներ՝ Սուրէն Նազարեան եւ Զաւէն Տէրվիշեան: Անոնք յանձնառու էին ցմահ իրենց ուսերուն վրայ շալկել ՀՄԸՄ-ի քաղցր բեռը:
Դաշտը ողողուած էր ՀՄԸՄ-ի անդամներով եւ համակիրներով: Մենք սրտատրոփ կը սպասէինք զէռօ վայրկեանին:
Ու յանկարծ դաշտ մտաւ պարտիզպան Ամօ Յակոբը, հագին խորը կապոյտ տարազ քոստիւմը, գլուխին նոր «պէրէ» մը եւ ուղղուեցաւ դէպի կեդրոնը զետեղուած սեղանը:
Ներկաներուն հայեացքը անոր յառած էր, բոլորը զարմացած էին:
Երկու երէց եղբայրներ անոր մօտեցան ու անութներէն բռնած զայն բարձրացուցին սեղանին վրայ:
Ներկաներուս զարմանքը քար լռութեան վերածուեցաւ:
Ամօ Յակոբը կրկին եղբ. Յակոբ դարձած էր, ինք ի՛ր վերակազմուած փողերախումբին ղեկավարը:
Զարմացումը վերածուեցաւ սմքումի:
Սեղանին վրայ կանգնած էր, կարծէք անոր խիստ կուզը ուղղուած էր, չքացած: Իր ձեռքերու առոյգ ու ժիր շարժումներուն որպէս արդիւնք, փողերախումբը սկսաւ նուագել բարի եկարի կամ սովորական յառաջաբան նուագը:
Ոչ միայն դաշտը, այլեւ թաղը դղրդաց:
Ու սկսաւ նուագը:
Մեր աչքերուն այդ պահուն եղբ. Յակոբը երիտասարդացած էր ու վերադարձած 1940-1950 տարիները: Սեղանին վրայ կանգնած կարծես նոր ծնած էր, կամ ծնունդ տուած ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին:
Ո՞վ գիտէր որ բարկացկոտ ու հնամաշ հագուստներ հագին այդ պարտիզպանը, եղբ. Յակոբը ֆրանսական բանակի փողերախումբին մաս կազմած էր, ու այդ տարիներուն ՀՄԸՄ-ի ականաւոր փողահարներէն էր:
Անկարելի դարձած էր մեր աչքերուն մէջ կլորցող ու աճող արցունքի կաթիլները զսպել, որոնք ապստամբելով վար կը գլորէին:
Դաշտը ասեղ ձգելու տեղ չէր մնացած: Թաղէն անցնող ժողովուրդը ներս խուժած էր, հասկնալու համար նոր եղելութիւնը… ՀՄԸՄ-ի վերածնած փողերախումբը:
Շուտով կը մօտենար Ս. Յարութեան տօնը: Եւ ինչպէս 1958-էն առաջ փողերախումբը գլխաւորելով արի-արենոյշներու ՀՄԸՄ-ի «բանակը» կ’իրագործէր տողանցք, ածելով սկաուտական, ազգային եւ յեղափոխական երգերու նուագներ, սկսելով մարզադաշտէն, հասնելու համար Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, շուտով պիտի վերակատարէր այդ տողանցքը:
ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին երթը, մեկնարկը սկսած էր: Այդ երթը կը շարունակուի ցայսօր, սակայն Հալէպի փողերախումբը այսօր իր կողքին ունի քոյր ու եղբայր շրջաններու՝ Քեսապի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ Դամասկոսի փողերախումբերը:
Անոնք ամէն տարի (անշուշտ վերջերս պատերազմի պատճառով՝ խափանումներով) ելոյթ կ’ունենան Ս. Յարութեան տօնին՝ Հալէպի մէջ, իսկ վերջերս, միասնաբար, Ս. Աստուածածնայ տօնին՝ Քեսապի մէջ, հակառակ երկրիս մէջ տիրող ոչ բարենպաստ պայմաններուն:
ՀՄԸՄ-ը կը պահէ իր «բարձրացիր-բարձրացուր» նշանաբանը միշտ ու միշտ դէպի վեր սլանալով:
ՀՄԸՄ պանծալի:
Կեցցէ՛ միշտ, ապրի:
Կարօ Վ. Մանճիկեան