Արաբական Լիկան եւ Իսլամական Համագործակցութեան կազմակերպութիւնը առաջին անգամ ըլլալով միասնաբար արտակարգ գագաթնաժողով գումարեցին իրենց կարելին ընելու ի նպաստ Պաղեստինի:
Ժողովէն կազմուած նախարարական յանձնախումբ մը այցելեց Չինաստան, որ կը համարուի Միացեալ նահանգներու գլխաւոր մրցակիցը եւ անդամ է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին, ճնշումի միացեալ ճակատ մը կազմելու ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի դէմ եւ հրադադարի ուրուագիծ մը գծելու:
Նոյն օրերուն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը որդեգրեց Մալթայի կողմէ ներկայացուած նախագիծը, որ Կազզայի մէջ մարդասիրական զինադադարներ հաստատելու կոչ կ’ուղղէր:
Ապահովութեան Խորհուրդին որդեգրած որոշումը կոչ կ’ուղղէր հաստատելու «շարք մը օրերու համար բաւարար զինադադարներ եւ ընդարձակ ու շտապ մարդասիրական միջանցքներ ստեղծելու»՝ արտօնելու Կազզայի մէջ քաղաքայիններուն մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարումը:
Գրեթէ իր բոլոր պարբերութիւններուն մէջ մանուկներու կացութեան ակնարկող որոշումը կոչ կ’ուղղէր՝ «բոլոր կողմերուն յարգելու միջազգային օրէնքին հիմամբ իրենց ստանձնած յանձնառութիւնները, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի քաղաքայիններուն, մանաւանդ մանուկներու պաշտպանութեան»:
Որոշումը նաեւ կոչ կ’ուղղէր՝ «անմիջապէս եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակելու բոլոր գերիները, մասնաւորաբար մանուկները, որոնք կը գտնուին Համասի եւ միւս խմբաւորումներուն մօտ»:
Միւս կողմէ Իսրայէլի ու ԱՄՆ-ի վրայ ճնշում կը բանեցուէր տարբեր կողմերէ, Կազզայի մէջ զինադադարի հասնելու եւ կողմերը դիւանագիտական միջոցներով հարցերու քննարկման հրաւիրելու:
Սուրիոյ մէջ կայք հաստատած ամերիկեան ապօրինի ուժեր թիրախ սկսած էին դառնալ, Եմէնի մէջ հուսիներու կողմէ գրաւուեցաւ իսրայէլեան նաւ մը, Լիբանանի սահմանին սաստկացան Իսրայէլ-լիբանանեան դիմադրութիւն բախումները:
Արաբական եւ իսլամական երկիրներու միասնական կեցուածքը, ինչպէս նաեւ Չինաստանի նախապէս իրականացուցած Սէուտական Արաբիա-Իրան մերձեցումը, միեւնոյն ատեն Ռուսիոյ մերձեցումը Միջին Արեւելքի շարք մը երկիրներու, հակաիսրայէլեան ճակատին յստակ ուրուագիծ հայթայթեցին:
Միացեալ նահանգներ ընտրութիւններու սեմին կը գտնուի եւ դժուար թէ կամենայ բախումներուն տարածքը ընդլայնել ու որոշ ճակատներու վրայ իր ուժերը պաշտպանել թիրախ դառնալէ՝ ինչպէս Սուրիոյ, Իրաքի մէջ թէ այլուր:
Վերջին ժամերուն կողմերը հրադադարի մօտալուտ ըլլալուն մասին կը խօսին, սակայն հրադադարէն ետք արդեօ՞ք որոշ հարցերու շուրջ համաձայնութիւն կը գոյանայ, թէ բախումները պարզապէս կը յետաձգուին: