Պատանիներ էինք, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին շապիկ կը հագնէինք։ Շաբաթ երեկոյ մը, ժամերգութենէն ետք, փոխանակ ուղղակի տուն երթալու, քանի մը ընկերներով որոշած էինք արկածախնդրութիւն մը ընել  ու ակումբ երթալ, տեսնելու թէ ի՛նչ է այս ակումբ ըսուածը, որուն անունը յաճախ կը լսէինք մեծերէն:
Եկեղեցւոյ մերձակայքը երկու ակումբ կար՝ ՀՄՄ եւ ՀՄԸՄ… ո՞ւր պիտի երթայինք: Որոշեցինք երկուքն ալ այցելել, ի՞նչ գործ ունէինք որ: Յաջողութեամբ գործադրեցինք ծրագիրը։ Վերադարձին գրեթէ վազելով հասանք եկեղեցւոյ բակ, որպէսզի ո՞ւր էիք հարցնողներուն բարձրաձայն պատասխանէինք՝ «ակումբն էինք»։
Շուրջ յիսուն տարի ետք, այսօր, այս յուշերը գրի առնելուս պատճառը դիմատետրն էր, ուր պատահաբար տեղադրուած նիւթի մը հանդիպեցայ, Սոկրատի բոլոր ժամանակները անցնող բայց երբեք ժամանակավրէպ չեղող Սոկրատի իմաստախօսութեան մասին՝  «Ծանի՛ր զքեզ» խորագրով։
Այդ օր երկու ակումբներուն մէջ ալ միեւնոյն արձանագրութեամբ ցուցատախտակ մը տեսած էինք. բնականաբար  նախ զարմացած էինք, որ երկու տարբեր ակումբներ նոյն նշանաբանը կը գործածեն: Շաբաթներ մտածած էինք այդ խօսքին մասին՝ նախ իմաստը հասկնալու, վերջն ալ՝ տեղադրման պատճառը: Յաճախ արկածախնդիրներս միասնաբար փորձեցինք վերծանել թաքնուած իմաստը, թէ ծանիր ի՛նչ կը նշանակէ՝ ճանչցի՞ր դուն քեզ, թէ ծանր եղիր: Ժամանակը անցաւ. երկրորդականի մէջ ընկերագիտութեան առարկային ընդմէջէն ծանօթացանք իմաստախոհին եւ իմացանք իմաստը այդ միտքին, բայց մինչ այդ կրնամ ըսել թէ Հալէպի բոլոր հանրային հաւաքատեղերուն մէջ պատուոյ հիւր համարուող այս թեւաւոր խօսքը կարելի էր տեսնել:
Երանի՜ այն օրերուն, երբ նման ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՄՏՔԵՐ կը զարդարէին մեր հաւաքատեղերը։ Ակումբներու առաքելութիւնն էր նախ անհատը մղել ինքնաճանաչման եւ ամբողջական ինքնաճանաչողութեամբ զինուած անհատներով գոյաւորել յանձնառու հաւաքականութիւն: Տարիները սորվեցուցին մեզի, որ մեր արտաքնապէս անպաճոյճ այդ ակումբները մարդկային եւ ազգային ազնուագոյն արժէքներու ներարկիչներ էին, բոլորին հասանելի, ուր 7-70 տարեկան հայը տալու եւ առնելու ԲԱՆ մը ունէր։
Գրիգոր Տունկեան