Հեղինակը կ’արծարծէ նաեւ թուայնացած տնտեսութեան հարցերը։ Այսօրուան արհեստագիտութեան զարգացումները, կարծէք, յաւելեալ միջոցներ կը ստեղծեն տուրքերէ խուսափումի, աշխատանքային պայմաններու վատթարացումի, բանուորական իրաւունքներու կրճատման, բնութեան յաւելեալ վնասումի եւ աստղաբաշխային հարստութիւններու կուտակման համար՝ հակառակ շատ օգտակար գիւտերու եւ ճարտարարուեստական կարելիութիւններու։ Առցանց հաղորդակցական հարթակներու եւ միջոցներու տէրերը «թուային բարբարոսներ» կը կոչէ լրագրող Ալէն Սոլնիէ (Alain Saulnier), եւ անոնց ներխուժումը բազմաթիւ ոլորտներէ ներս կը նկատէ. «ամէնէն բուռն յարձակումը ազգային գերիշխանութեան վրայ, որուն ենթարկուած է Միացեալ Նահանգները այս նոր հազարամեակին» (129-130)։
Հակառակ վերջին տասնամեակներու բոլոր վերիվայրումներուն քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ՝ տակաւին «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը պահէ ոչ զանցառելի առաւելութիւն մը՝ գրաւը դրած ըլլալով մշակոյթին վրայ եւ օգտուելով Բրիտանական կայսրութեան տարիներու տիրապետութեան արդիւնքներէն (retombռes)՝ աշխարհի վրայ ամէնուրեք անգլերէնը պարտադրած ըլլալով»։ Ըստ Անթոնիօ Կրամիսգիի (Antonio Gramisci)՝ պուրժուա մշակոյթի տիրական դիրքը արգելք կը հանդիսանայ աշխատաւորական կազմակերպութիւններուն, որ ջատագովեն այնպիսի արժէքներ, որոնք պիտի նպաստեն աշխատաւոր դասակարգի ամբողջական ազատագրումին։
«Միացեալ Նահանգներու մշակութային գերագահութիւնը շատ հասութաբեր է իր համար, իր բազմազգ ընկերութիւններէն շատեր (GAFAM եւ մշակութային ճարտարարուեստը) կը դնէ շուկայի գրեթէ ամբողջական հակակշիռը իրենց ձեռքը պահելու կացութեան մէջ, իր տարածքը կը ներքաշէ բոլոր գիտութիւններու հետազօտողները եւ կը յառաջացնէ հիացում մը, որ ի նպաստ իրեն կը դարձնէ միջազգային հանրային կարծիքը»։
Ասոր ալ հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ հետզհետէ ուրիշ ժողովուրդներ կամաց-կամաց կը հրաժարին իրենց սեփական մշակոյթներէն (140-141)։
Ակներեւ է, որ մշակոյթի ճամբով է, աւելի քան իր զինական ուժով, որ ԱՄՆ-ը կը տարածէ իր համաշխարհային տիրապետութիւնը (145-147)։
Գալով կլիմայական ջերմացման վտանգին՝ ան գիտցուած էր երկար ատեն ի վեր, սակայն առկայ տնտեսական դրութեան նպաստաւոր չէին անոր սրբագրութեան լուծումները։ «Էքսոն մոպիլ» քարիւղի ընկերութիւնը, որ այդ ուղղութեամբ հետազօտութիւններ ալ ֆինանսաւորած էր, 1990-էն սկսեալ 16 միլիոն տոլար յատկացուցած է առնուազն 43 կազմակերպութիւններու, որ կասկածի ենթարկեն կլիմայական փոփոխութիւնները։ Բնութեան պահպանութեան հարցը արգելք կը հանդիսանար ազատ առեւտուրին ու մեծ ընկերութիւններու խոշոր եկամուտներուն։
Այսօր քիչեր կը համարձակին ժխտել կլիմայական փոփոխութեանց իրականութիւնը, սակայն այնքան ալ դիւրին չէ, դիւրին չէ ջերմուժի բրածոյ աղբիւրները (ածուխը, քարիւղը, բնական կազը) փոխարինել կայուն աղբիւրներով՝ արեւային ու հողմային։
Կը պահանջուի նաեւ «համակարգային փոփոխութիւն մը՝ փոխանցում մը դէպի կայունութեան վրայ հիմնուած տնտեսութիւն մը, սպառումի նուազում մը, աղբիւրներու պահպանման նպատակադրում մը, ջերմուժի շատ աւելի սահմանափակ գործածութիւն մը եւ գրեթէ ամբողջական հրաժարում մը բրածոյ ջերմուժէն»։
«Վերջին քանի մը տարիներուն այդ ուղղութեամբ զգոյշ թեքումը անբաւարար կ’երեւի լուծելու համար հարցը, որ թերեւս ամէնէն դժուարինն է, որուն դէմ-յանդիման կը գտնուինք» (148-156)։
Կ’ապրինք «շփոթի ու դրամատիրութեան տեւականութեան ժամանակաշրջան մը»։ «Ձեռնարկութիւններու, ինչպէս
նաեւ հանրային սպասարկութիւններու կառավարման մէջ կը շարունակենք կիրարկել նորազատականութենէն ուղղակի ներածուած մեթոտներ՝ արդիւնաւէտութեան, հաշուետուութեան, յաճախորդի հանդէպ մօտեցումի, ղեկավարման թեքնիքներու, օրինակ՝ խնայողական կառավարմամբ կամ «նոր հանրային ղեկավարման» սկզբունքով»։
Բայց նոյն ձեւով կը շարունակուին նաեւ ընկերային մեծ անհաւասարութիւնները, նիւթապաշտութիւնն ու շահու անյագ հետապնդումը։
Յետնորազատականութեան ներկայ դրութիւնը, որ գաղափարաբանական ոչ մէկ հիմք ունի, իրապէս, խոցելի է։ Դժուար է անուն մը տալ անոր։ «Բայց այս նոր դրամատիրութեան ուժը իր ինքնաբերաբար գործելուն մէջն է, դէմ-յանդիման եւ ընդդէմ բոլորին, ինքզինք պահպանելու կարողութեան մէջն է այս պահուն, հակառակ որ ամէն ինչ կրնայ փուլ գալ։ Ահա թէ ի՛նչ է, որ կը վհատեցնէ անոր ընդդիմադիր անձերը» (159-163)։
Երբ այնքան յստակ են աշխարհի սպառնացող մեծ վտանգները՝ Մեծ անկումը, կլիմայական ջերմացումը եւ Քովիտ-19-ը, ինչո՞ւ պետութիւնները վճռական քայլեր չեն առներ։ Ըստ հեղինակին՝ կան բազում եւ բարդ պատճառներ, բայց երեք գլխաւոր պատճառները կը հանդիսանան «կառավարման հին սովորութիւնները եւ նորազատական մտածողութիւնը, որ կը շարունակէ ազդել մեր հոգեկանին վրայ՝ հակառակ ամենայնի», ծայրայեղ աջի վերելքը, բայց մանաւանդ անշարժականութիւնը անդրազգային մեծ ձեռնարկութիւններու, «որոնք, հասկնալի պատճառներով ամէնէն մեծ զոհերը պիտի ըլլան համաշխարհային վերադասաւորման մը եւ որոնք կը յամառին իրենց ունեցած վիթխարի միջոցներով պահպանել իրավիճակն ինչպէս որ է, այսինքն՝ մեծապէս իրենց ի նպաստ»։
Անոնց ազդեցութեամբ է, որ կառավարութիւնները կը շարժին, որքան ալ ուզեն երեւիլ յառաջդիմական եւ բարեփոխութիւններու կողմնակից։ Լոպիիզմը դարձած է այն կենսական գործիքը, որով այդ ընկերութիւններն իրենց կամքը կը պարտադրեն կառավարութիւններուն։ «Լոպիիսթները կը կազմեն ստուերային բանակ մը, որ յարատեւ, յամառ եւ խիստ համոզկեր պայքար կը մղէ՝ հրապուրելով, սպառնալով ու կաշառելով՝ համաձայն լաւ հաշուած չափաքանակներու, արդիւնաւէտօրէն անցնելու համար օրէնքներ, որոնք նպաստաւոր պիտի ըլլան իրենց յաճախորդներուն ու սահմանափակեն այն փոփոխութիւնները, որոնք կրնան ըլլալ ի վնաս անոնց» (164-167)։
Ներկայ կացութիւնը սրբագրելու համար ամէնէն իմաստուն կառավարութիւններն անգամ կը խուսափին յախուռն քայլեր առնելէ։ Կեդրոն-ձախ կամ կեդրոն-աջ հակող բազմաթիւ երկիրներ փոքր քայլերով կ’ուզեն յառաջանալ՝ առանց վտանգելու դրամատիրութիւնը։ Այս՝ մասնաւորաբար բնապահպանման հարցերու առնչութեամբ, նոյնպէս ընկերային անհաւասարութիւններու։ «Անոնք ցաւերու ախտանշաններուն կը հարուածեն՝ փոխանակ խնդիրներու արմատներուն երթալու» (189)։
Հարցն այն է, որ արմատական լուծումները կը պահանջեն աւելի մեծ փոփոխութիւններ եւ նկատառելի ճիգեր, ինչպէս՝ «դիմագրաւել գերսպառողութիւնը, ուղղակի հակադրուիլ անդրազգային մեծ ընկերութիւններուն, արմատապէս սահմանափակել շահարկումները կամ չարաշահումները, պարտադրել տնտեսութիւն մը, որ հիմնուած է ձեռնարկութիւններու տեսականիի այլազանութեան վրայ (ընկերային տնտեսութիւն, համագործակցականներ, հանրային սպասարկութիւններ, փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններ), հաստատել աճող հարկային համակարգ մը՝ առանց խուսափուղիներու ամէնէն հարուստներուն համար եւ այլն»։ Իսկ այս լուծումները կիրարկելը անյաղթահարելի վախեր կը յառաջացնէ ելեւմտական ընտրանիին մէջ (190)։
Պետութիւններու վարանումներուն եւ ձախողութիւններուն դիմաց, ինչպէս դիտել տուած է Նաոմի Քլայն (Naomi Klein). «Միայն ընկերային մեծածաւալ շարժումները պիտի կարենան փրկել մարդկութիւնը» (195)։
Ըստ Վայանգուրի՝ բնութեան պահպանութեան հարցն է, որ ի վերջոյ վճռական ազդակը պիտի հանդիսանայ ընկերութեան փոփոխութեան։ «Մեր մոլորակին վրայ կեանքի պահպանման համար պայքարը ինքզինք կը պարտադրէ իր անխուսափելի անհրաժեշտութեամբ»։ Կլիմայական ջերուցման դէմ արդիւնաւէտ չ’ըլլար պայքարը՝ առանց փոխելու տնտեսութեան տեսակը, որ մերն է եղած տարիներէ ի վեր (196)։
Գլխապտոյտ կը պատճառէ յետնորազատական աշխարհը՝ մեզ այնքան մխրճելով անորոշութիւններու մէջ եւ այնքան ձգտելով բեւեռացումներու, որոնք անհամար մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն եւ խրամատներ կը ստեղծեն անհատներուն միջեւ։ Բան մը չընելու, ինքն իր մէջ քաշուելու կամ համակերպուելու փորձութեան ենթարկուիլը կրնայ ունենալ աղէտալի հետեւանքներ։ […] բայց վերջապէս ընթացքին մէջն ենք՝ ձերբազատելու վտանգաւոր, ամբարտաւան եւ քանդիչ գաղափարաբանութենէ մը, որ երկար տարիներէ ի վեր գրեթէ ամէնուրեք պարտադրած էր ինքզինք։ Նոր հեռանկարներ կը բացուին այն պայքարներուն առջեւ, որ պէտք է մղենք։ Աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու յանդուգն գաղափարները ասկէ ետք աւելի դիւրաւ կրնան տարածուիլ. անոնք կենսական են աւելի, քան երբեք։ Բայց պէտք է զանոնք պաշտպանենք եռանդով եւ հետեւողականութեամբ» (197)։
Ահա այսպէս կ’աւարտէ Գլոտ Վայանգուր իր այս երկը, որ հաւանաբար կրնանք նկատել համապարփակ, բայց զգոյշ ակնարկ մը՝ «զգոյշ շրջադարձի» մը վրայ…
(Շար. 2 եւ վերջ)
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«Դրօշակ» թիւ 10 – 2023