Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան կոչ ուղղած է Հայաստանին իր ապահովութիւնը փնտռել դրացիներու հետ համագործակցութեան մէջ, եւ ոչ թէ հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու: Ինչպէս կը գրէ Անատոլու գործակալութիւնը, Թուրքիոյ ղեկավարը այս միտքը արտայայտած է 20 Նոյեմբերին կառավարութեան նիստէն ետք ժողովուրդին ուղղած իր ուղերձին մէջ։
«Արեւմտեան որոշ գերտէրութիւններ մինչեւ այս պահը չեն գիտակցիր, որ ԼՂ պատերազմէն սկսեալ՝ մեր տարածաշրջանին մէջ նոր դարաշրջան կը բացուի: Հայ ժողովուրդին ու անոր  ղեկավարներուն համար լաւ կ’ըլլար ապահովութիւն փնտռել ոչ թէ հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու, այլ դրացի երկիրներու հետ խաղաղութեան ու համագործակցութեան մէջ», ըսած է ան։
Թուրքիոյ առաջնորդը ընդգծած է, որ Արեւմտեան երկիրներու կողմէ ղրկուած զէնքն ու զինամթերքը չեն կրնար կայուն խաղաղութիւն ապահովել։ Ան նաեւ կոչ ուղղած է Հայաստանին սեղմելու Ատրպէյճանի մեկնած «բարեկամութեան ձեռքը»։