(Համազգայինի 95-ամեակին առիթով)

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադիրները ունեցած են հայ գիրն ու գրականութիւնը, հայ մշակոյթը սերունդներու կրթութեան հիմնական ուղեցոյցը դարձնելու, անոնց ներշնչման աղբիւրը դարձնելու տեսլական:
Անոնք հիմնած են Համազգայինը եւ աստիճանաբար ծաւալուն դարձուցած անոր գործունէութիւնը, որպէսզի Ցեղասպանութեան հետեւանքով ցիրուցան դարձած հայութիւնը խմբուի նախ իր լեզուին ու դպրութեան, ապա նաեւ իր մշակութային արժէքներուն շուրջ, պահպանէ իր ազգային դիմագիծը ու հաղորդակից դառնայ մեր հոգեմտաւոր ժառանգութեան: Առանց ոգեղէն այդ սնունդին կարելի պիտի չըլլար հայութեան դիմագիծը պահել օտար միջավայրերու մէջ:
Այդպէս ալ եղաւ. հիմնելով դպրոց, հայագիտական հիմնարկ, թատրոն, պարախումբ, երգչախումբ, արուեստի կեդրոններ, տպարան, հրատարակչատուն ու աշխատանքի հրաւիրելով մասնագէտներ, մտաւորականներ, Համազգայինի հիմնադիրները յաջողեցան ուղղութիւն տալ, դիմագիծ տալ սփիւռքահայ կեանքին:
Թէեւ Համազգայինի հիմնադրութեան օրերուն մեր ժողովուրդը կ’ապրէր ճգնաժամային տարիներ… ցեղասպանութիւն, հայրենիքի անկախութեան կորուստ, սակայն կարելի եղաւ քայլ առ քայլ յաղթահարել այդ դժուարութիւնները, գոյատեւման ու յառաջընթացի ելքեր գտնել:
Այսօր եւս մեր ազգն ու հայրենիքը կը դիմագրաւեն ճակատագրական օրեր. պատերազմ, Արցախի ու անոր հազարամեայ մշակոյթի կորուստ, սփիւռքահայ գաղութներու նօսրացում եւ մաշում, համաշխարհայնացման ալիք, ազգային արժէքներու խեղաթիւրում եւ այլն:
Այս թոհուբոհին մէջ, սակայն, Համազգայինը կրնայ ըլլալ լուսաւոր փարոս, եթէ լարուած ուժերով աշխատի մշակութային մեր դիմագիծի պահպանման համար, իր աշխատանքի շրջանակին մէջ պահէ հայ մտաւորականներ, հայագէտներ, արուեստագէտներ, տնտեսական բազում դժուարութիւններ յաղթահարելով պահպանէ մասնագիտական մօտեցումը, նիւթական միջոցներ չխնայելով նախանձախնդիր ըլլայ որակի պահպանման մէջ:
Հայ գիրն ու գրականութիւնը, երգն ու պարը, թատրոնը լոկ ճաշակ ձեւաւորող ազդակներ չեն: Անոնք մեր ազգին պատմութիւնը, կենսակերպը, միտքը, թռիչքը, ըմբռնումներն ու գեղարուեստական ճաշակը արտացոլացնող հայելիներ են: Անոնց մէջ մենք մեզ կը տեսնենք եթէ խորանանք, ըմբռնենք ու փորձենք մեր կեանքին բերել, մեր մտածելակերպին հաղորդակից դարձնել զանոնք այլազան միջոցներով:
Մշակոյթին ծանօթանալը, անոր ժառանգորդը ըլլալը միայն ձեռնարկներու ներկայ ըլլալով, կամ բեմերէն պատգամներ հնչեցնելով չեն ըլլար, այլ՝ մշակոյթին հաղորդակից դառնալով, զայն մեր առօրեային մէկ մասը դարձնելով, հայկական արուեստին աղերսուելով կրնան ըլլալ:
Ու որքան ալ արտաքին ազդակները նուազեցնեն մեր երիտասարդներու հետաքրքրութիւնը հանդէպ հայ մշակոյթին, հայ գիր ու գրականութեան, մշակոյթը մեր հաւաքականութեան սեփականութիւնը դարձնելու ճիգով  կարելի է ստեղծել մթնոլորտն ու գրգռել հետաքրքրութիւնը՝ եթէ տագնապողներ ու այդ տագնապը հաւաքական գործի վերածողներ ըլլան:
Համազգայինը հաւաքական նման աշխատանքի միջոցներն ու մթնոլորտը ստեղծելով, հայ մտաւորականութիւնն ու արուեստագէտները իր շուրջ պահելով, մանուկին ձեռքը հայերէն գիրք պիտի տայ, հայկական երաժշտութիւնը անոր առօրեային մէջ հնչեղ պիտի պահէ, զինք թատրոն պիտի առաջնորդէ, երիտասարդին հայկական պարին կշռոյթն ու հմայքը համտեսել պիտի տայ, հայագիտական կրթութիւնը անոր հետաքրքրութեան ծիրին մէջ պահելու ձեւեր պիտի որոնէ ու կաթիլ-կաթիլ անոր արեան մէջ պիտի ներարկէ հայկականութիւնը:
Մշակոյթը մեր գոյատեւելու գրաւականն է նաեւ: Առանց մշակոյթի մենք կը վերածուինք անդիմագիծ հաւաքականութեան: